2017-10-10 12:29:00

Աշխարհի մէջ գործազուրկ է 201 միլիոն մարդ


Աշխարհի մէջ գործազուրկներու թիւը 2017 թուականի դրութեամբ կազմած Է 201 միլիոն`  նախորդ տարուան համեմատութեամբ աւելնալով 3,4 միլիոնով: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, ըսուած Է Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան «Զբաղուածութիւնը աշխարհի մէջ եւ ընկերային հեռանկարները 2017» զեկոյցին մէջ, որ հրապարակուած Է Հոկտեմբեր 9-ին:

«Հիմնական պատճառը այն Է, որ բաւարար չեն ներդրումները: Ընկերութիւնները ներդրումներ չեն ըներ իրենց աշխատակիցներուն համար, աշխուժութիւնը կը նուազի: Եւ ատիկա ընդհանուր առմամբ կ՛ազդէ զբաղուածութեան մակարդակի վրայ` վատացնելով զայն»,- յայտարարած Է Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Տեպորա Կրինֆիլտը:








All the contents on this site are copyrighted ©.