2017-10-10 12:59:00

Աշխարհի հանրածանօթ կոթողներու լուսաւորում՝ յիշատակելու համար մարտիրոսներու արիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեգործական մարմինը, Հռոմի «Fontana di Trevi»  շատրուանէն, Լոնտոնի Ուեսթմինսեթերի Աբբայարանէն ու Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի «Փրկիչ Քրիստոսի» արձանէն ետք, յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին, կարմիր գոյնով պիտի լուսաւորէ Փարիզի աշխարհահռչակ Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած Մոնթմարթրի պազիլիքան, յիշատակելու համար իրենց հաւատքին համար  արիւն դափած քրիստոնեայ միլիոնաւոր մարտիրոսները։

Վերոնշեալ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ՝  Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեգործական մարմնի ֆրանսական մասնաճիւղի կազմակերպած «24 ժամ ի սպաս կրօնի ազատութեան» ծրագրի ծիրէն ներս որ սկիզբ պիտի առնէ 12 հոկտեմբերի առաւօտեան՝ 11.15-ին, Սուրբ Պատարագի արարութեամբ ու վերջ պիտի գտնէ երեկոյեան, աղօթքի հսկումով, նուիրուած բոլոր անոնց որոնք չեն կրնար ազատօրէն դաւանիլ իրենց կրօնը։

«Սոյն ձեռնարկի միջոցաւ տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն կազմակերպութիւնը կ՛ուզէ աշխարհի ուշադրութեան յանձնել կրօնական հալածանքի ողբերգութեան իրականութիւնը, որ շատ անգամ անտեսուած ու մոռցուած է» յայտնած է այս առթիւ վերոյիշեալ կազմակերպութեան  Իտալական մասնաճիւղի  տնօրէնը նորոգելով կազմակերպութեան յանձնառումը ի պաշտպանութիւն կրօնական ազատութեան ու բոլոր անոնց որոնք իրենց կրօնական պատկանելիութեան համար հալածանքի եւ հարստահարումի ենթարկուած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.