2017-10-09 13:39:00

Ֆրանչիսկոս պապ ընդունեց Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ,  թէ այսօր 9 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, առաքելական պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Ֆրանք-Վալթեր Սթէյմէյերի, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ,  որուն կ՛ընկերանար պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ կալլակէր։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Գերմանաիոյ միջեւ ինչպէս նաեւ  Եկեղեցւոյ եւ Երկիր իշխանութիւններու միջեւ կայացած պտղաբեր յարաբերութիւններու ու համագործակցութեան համար։ Գնահատանք արտայայտուեցաւ նաեւ միջ- եկեղեցական ու համամիութենական երկխօսութեան դրական ընթացքին համար յատկապէս կաթողիկէներու ու  բողոքական Եկեղեցիներու միջեւ Լուտերական բարենորոգումի 5-րդ դարադարձին առթիւ։

Քննարկուեցան ապա կողմերը հետաքրքրող միասնական հարցեր, որոնց շարքին Եւրոպայի ու աշխարհի  մէջ տնտեսական ու կրօնական կացութիւնը յատուկ անդրադարձ կատարելով գաղթականութեան երեւոյթին ու զօրակցութեան եւ հիւրընկալութեան մշակոյթի խթանումին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.