2017-10-09 14:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքներուն. «Օգնեցէք ինծի լաւ եպիսկոպոսներ ընտրել»


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 9 հոկտեմբեր, 2017-ին, կէսօրին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրնաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Արեւելեան եկեղեցիներու  պատրիարքներն ու  աւագ Արքեպիսկոպոսները։   

Նորին Սրբութիւնը  ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ ,

«Սիրելի եւ մեծայարգոյ եղբայրներ, արեւելեան եկեղեցիներուն հայրեր ու պետեր ուրախ եմ ձեր մէջ գտնուելուս, կիսելու համար ձեր հովուական խնամակալութեան  յանձնուած հաւատացեալներուն ցաւերն ու ուրախութիւնները։  

Բոլոր եկեղեցիներուն հոգատարութիւնը ի յայտ կու գայ  նաեւ՝ Հռոմի Եպիսկոպոսի, Պետրոսի յաջորդին, նուիրապետական հաղորդութեան միջոցաւ։ Արդարեւ ՝Հռոմի եպիսկոպոս ըլլալը,  հիմքն է Պետրոսեան առաքելութեան, որ է եղբայրսիրութեան մէջ նախագահական ծառայութիւն սիրոյ։

Համոզուած եմ որ պէտք է թափ տալ եւ արժեւորել եկեղեցւոյ մէջ այն կապը,  որ կը զօդէ նուիրապետութիւնը Պետրոսի առաջնութեան, որպէսզի իրագործուի «Սարկաւագական առաջնութիւն» այն է Աստուծոյ ծառաներուն ծառայ։

Պետրոսի յաջորդին պարտականութիւններուն մէջ, ինչպէս եղաւ Մատաթիա առաքեալի ընտրութեան համար՝   «Գործ Առաք.  1,15-26», կայ  նաեւ աշխարհին  մէջ տարածուած յատուկ եկեղեցիներուն՝ եպիսկոպոսներ ապահովուել։  Ձեզմէ եւ ձեր սիւնհոդոսներէն կը խնդրեմ, որ համագործակցինք  այս կարեւոր ծառայութեան, բացայայտելու այդ առաքելութեան համար յարմար մարդիկներ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.