Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ զգուշացուց, որ Քաթալոնիոյ կողմէ անկախութեան որեւէ յայտարարութիւն ազդեցութիւն պիտի չունենայ` աւելցնելով, որ ինք շրջանի ինքնավարութեան առկախումը չի բացառեր:
Սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան նաեւ մերժեց տագնապին լուծման համար որեւէ միջնորդութիւն:
«Կառավարութիւնը պիտի ապահովէ, որ անկախութեան որեւէ յայտարարութիւն ապարդիւն մնայ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պատրա՞ստ է կիրարկելու Սպանիոյ սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածը, որ Սպանիոյ խորհրդարանին կ՛արտօնէ միջամտել ինքնավար մարզի մը կառավարման, Ռախոյ ըսաւ. «Օրէնքի ծիրին մէջ եղող ոչինչ կը բացառեմ»:
Սպանիոյ վարչապետը նաեւ յայտնեց, որ կը ծրագրէ յաւելեալ ոստիկանական ուժերը տեղակայուած պահել Քաթալոնիոյ մէջ` մինչեւ ճգնաժամին աւարտը:
Ան աւելցուց, որ քաղաքական տագնապին պատճառով խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններու պիտի չհրաւիրէ:
Կը նախատեսուի, որ Քաթալոնիոյ ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն վաղը տեղական ժամանակացոյցով ժամը 6:00-ին խօսք մը արտասանէ Քաթալոնիոյ խորհրդարանին առջեւ: Նախապէս այդ նիստը նախատեսուած էր այսօր կատարել, սակայն Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանը առկախեց զայն:
Կ՛ենթադրուի, որ Քաթալոնիոյ խորհրդարանը իր նիստին ընթացքին Սպանիայէն անկախութիւն յայտարարէ:
Շաբաթ օր հազարաւորներ Մատրիտի մէջ ցոյց կատարեցին` կոչ ուղղելով պահպանելու Սպանիոյ միութիւնը: Նմանօրինակ այլ ցոյցեր, ներառեալ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցած ցոյցը, կոչ ուղղեցին քաղաքական երկխօսութիւն կատարելու: Պարսելոնայի մէջ ցոյցերը երէկ եւս շարունակուեցան:
Մինչ այդ, առեւտրական ձեռնարկութիւններ շարունակեցին քաղաքական անորոշութեան մթնոլորտին պատճառով Քաթալոնիայէն իրենց հեռանալը յայտարարել:
All the contents on this site are copyrighted ©. |