2017-10-09 10:25:00

«Միջազգային ներում»-ի գործիչներ Թուրքիոյ մէջ կրնան դատապարտուիլ 15 տարուան բանտարկութեան


Թուրքիոյ դատախազութիւնը կը պահանջէ «Միջազգային ներում» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան թրքական ներկայացուցչութեան գործիչները դատապարտել 15 տարուան բանտարկութեան: Այս մասին երէկ հաղորդեց թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը:
Ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցութեան մեղադրանք ներկայացուած է 11 իրաւապաշտպաններու, որոնցմէ 8-ն կալանաւորուած են:
Յուլիսի կէսերուն թրքական դատարանը վճիռ արձակեց կալանաւորելու վեց իրաւապաշտպաններ, ներառեալ` Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան ղեկավարը: Անոնք բոլորն ալ կը կասկածուին ահաբեկչական գործունէութեան մէջ:
Ներկայիս նոյնպիսի կասկածով Թուրքիոյ քննչական մեկուսարաններէն մէկուն մէջ կը գտնուի գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի լրագրող Տենիզ Եուճել: Ատիկա վերջին տարուան ընթացքին Պերլինի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման գործօններէն մէկն է:
Անգարայի մէջ իրաւապաշտպաններու ձերբակալման հարցով Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը կը նկատեն միջամտութիւն Թուրքիոյ դատական համակարգին:








All the contents on this site are copyrighted ©.