2017-10-07 13:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ճառը կղերի միջազգային համաժողովին մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 7 հոկտեմբեր, 2017-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կղերի ժողովի կողմէ կազմակերպուած՝ Կղերի կազմաւորման հայող «Ratio Fundamentalis» փաստաթուղթի մասին գումարուած միջազգային համաժողովի մասնակիցները։

Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ Սբրազան Հայրը անդրադարձաւ   Քահանայական կազմաւորումի մասին, զայն նկատելով վճռական՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան համար, հաստատելով, որ  հաւատքի վերանորոգումը եւ կոչումներու ապագան կարելի  է  լոկ, երբ՝ կան լաւ կազմաւորուած քահանաներ,  ապա շեշտեց որ քահանայական կազմաւորումը առաջին կարգին  կախեալ է   կղերականներուն կեանքին մէջ Աստուծոյ ներգործութենէն   եւ ոչ թէ անոնց գործունէութիւններէն։    

Նորին Սրբութիւնը նշեց,  թէ քահանայական կազմաւորումը աշխատանք մըն է,  որ կը պահանջէ  քաջութիւնը ունենալ Տիրոջ կողմէ ձեւաւորուելու , որպէսզի Ան  կերպարանափոխէ կղերականին սիրտն ու կեանքը։   Ան ապա հաստատեց թէ Աստուած  համբերատար եւ ողորմած  դերակատարնն է  քահանայական կազմաւորումին,  ինչպէս գրուած է «Ratio  Fudamenatlis» փաստաթուղթին մէջ,   աւելցնելով որ եթէ անձ մը,  ամէն օր թոյլ չի տայ Տիրոջ կողմէ կազմաւորուելու,  ան կը դառնայ մռայլ քահանայ առանց Աւետարանի եւ առանց Աստուծոյ ժողովուրդի խանդավառութեան։

Քահանան կամ նորընծան իրենց իւրայատուկ կազմաւորման դերակատարը դառնալու համար պէտք են այո-ներ եւ ոչ-եր ըսեն յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ այոներով ու ոչերով անոնք պէտք են. մարդկային ձգտումներու աղմուկէն աւելի՝ նախընտրեն լռութիւնն ու աղօթքը, իրենց գործունէութիւններուն  նկատմամբ վստահութենէն աւելի՝  անձնատուր ըլլան բրուտին՝ եւ անոր  նախախնամական ստեղծագործութեան, այն բրուտը որուն մասին ակնարկուած է Երեմեա մարգարէին  գրգին մէջ։

Կարեւորելով եպիսկոպոսներուն  եւ կազմաւորողներուն  դերակատարութիւնը ՝ քահանայական կազմաւորման ծիրէն ներս,  նորին Սրբութիւնը ըսաւ  Կոչումը կը ծնի եւ կ՝աճի եկեղեցւոյ մէջ։  Այսպէս Տիրոջ ձեռքերն են, որոնք կը ձեւաւորեն կաւէ ամանը , կը գործեն  այն անձերուն միջոցաւ, որոնք եկեղեցւոյ մէջ կանչուած են ըլլալու քահանայական կեանքի առաջին կազմաւորողները. Մեծաւոր հայրը, հոգեւոր հայրերը, դաստիարակիչները, եւ բոլոր անոնք որոնք կը զբաղին կղերականի մնայուն կազմաւորումով, մասնաւորապէսս եպիսկոպոսը, որ  «Ratio Fundamentalis»ի  մէջ սահմանուած է առաջին պատասխանատու՝ նորընծային ընդունելութեան  ու քահանայական կազմաւորման։

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց որ քահանայական կազմաւորումը սրտանց ընկալուի նշելով որ Եկեղեցին կարիք ունի կարող քահանաներու՝ աւետարանը  խանդավառութեամբ եւ իմաստութեամբ քարոզելու համար, ինչպէս նաեւ յոյս վառելու հոն ուր խաւարը կը ծածկէ կեանքի ճրագը եւ  հաւատքը սփռելու պատմութեան անապատներուն մէջ։

Ւ վերջոյ Սբրազան Հայրը քահանայական կազմաւորման ծիրէն ներս անդրադարձաւ Աստուծոյ ժողովուրդին դերակատարութեան մասին,  նշելով որ   երբեք պէտք չէ մոռնալ  ժողովուրդը7  անոր  ծանր կացութիւնները, հարցադրանքները   եւ կարիքները,  որոնք գործիքներ  են քահանային կաւէ աման ձեւաւորելու համար ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց հայցելով Վարդարանի Տիրամօր բարեխօսութիւնը,  որուն տօնը կը նշուի այսօր, որպէսզի  օգնէ մեզի՝ ուրախութեամբ ընթանալու  առաքելական ծառայութեան մէջ եւ մեր սիրտը  վերածէ  իր սրտին պէս հեզ եւ բարի,  այնպէս ինչպէս կաւը կը վերածուի բրուտի ձեռքերուն մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.