2017-10-07 14:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Խրուաթիոյ հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 7 հոկտեմբեր 2017-ին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւնը մը, որուն մէջ տեղեկացուց   թէ այսօր առաւօտեան , Ֆրանչիսկոս Պապ  իր գրասենեակին մէջ ընդունած է  Խրուաթիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Անտրեյ Փլենքովիչը, որմէ ետք նախագահը հանդիպած է Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլինի հետ, որուն ընկերացած էր Վատիկանի այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան  ենթաքարտուղար գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։ 

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է , որ հանդիպումը տեղի ունեցած է սիրլալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին  երկուստեք գնահատանքով արտայայտուած են երկու պետութիւններու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ դրական նպաստին՝  երկրին կեանքէն ներս։

Քննարկումի նիւթ եղած  է Խրուատ եւ Սերպ մասնագէտներէ բաղկացած խառն յանձնախումբին՝ երանելի, Կարդինալ Ալոժզիժ Սթեփինաք դիմագիծին  մասին կատարուած աշխատանքը։   

Արծարծուած  են ապա երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր,  ինչպէս   եւրոպական ծրագիրին ապագան,  տարածաշրջանի կացութիւնը  , յատուկէն անդրադառնալով  Խրուաթիոյ ժողովուրդի  կացութն՝ Պոսնիոյ եւ հերցեկովինայի մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.