2017-10-07 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) 9-12 հոկտեմբեր 2017-ին, Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի տարեկան լիագումար նիստը նուիրուած Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի հիմնադրութեան 100 ամեակին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու եկեղեցական կանոնագիրգի հրատարակութեան 25 ամեակին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բացի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքներէն, Աւագ Եպիսկոպոսներ, Մետրոպոլիտներ, 17 կարդինալներ եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի անդամ եպիսկոպոսներ։

Վերոնշեալ տեղեկութեան մասին հրապարակուած Արեւելեան Երեկեցնելու Ժողովի  հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ վերոնշեալ եկեղեցիները կը գործեն Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Ուկրանիոյ, Հայաստանի, Եթովպիայի եւ Էրիթրէայի մէջ ու թէ «այդ մէկը մեզի մտաբերել կու տայ անոնց ապրած տառապանքները, բռնութիւններն ու պատերազմները, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած ընկերային աղքատութեան, գաղթականութեան ու անօթութեան մարտահրաւէրները, որոնց աւելցնելու ենք նոր ու հին գաղթականութեան երեւոյթին յառաջացուցած հարցերը՝ ըլլայ հովուական ըլլայ աւանդական ու ինքնութեան պահպանումի ծիրէն ներս»։

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի լիագումար նիստի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ առաքելական պալատի Պոլոնիա Սրահին մէջ,  պիտի քննարկուին զանազան հարցեր՝ որոնց շարքին, եպիսկոպոսներու ընտրութեան գործընթացի զատորոշումը, ժամանակաւոր բարիքներու մատակարարումը,  Կաթողիկէ Արեւելեան  Եկեղեցիներու համամիութենական առաքելութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապէն 2015-ին հաստատած  ծիսական յանձնախումբի գործունէութիւնը։

Երկուշաբթի 9 հոկտեմբերի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն ու Աւագ Եպիսկոպոսներուն։ Ապա չորեքշաբթի 11 հոկտեմբերին բոլոր ժողովականները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան, հուսկ՝ հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2017-ին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին ու Արեւելեան Քահանայապետական Ինստիտուտի 100 ամեակին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ պիտի այցելէ Արեւելեան Քահանայապետական Ինստիտուտը՝ ուր պիտի հանդիպի այս առթիւ այնտեղ համախմբուած Արեւելեան Ժողովի պատասխանատուներուն, Պատրիարքներուն, եւ Յիսուսեան Միաբանութեան խնամակալութեան յանձնուած  Քահանայապետական Ինստիտուտի տնօրէնութեան ու անդամներուն, դաստիարակչական դասին ու աշակերտութեան ինչպէս նաեւ Քահանայապետական Արեւելեան Ինստիտուտի բարերարներուն։

Աւելի ուշ Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Սանթա Մարիա Մաճորէ Պազիլիքա ուր կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Յիսուսեան միաբնութեան մեծաւորն ու միաբանակիցները, մինչ արարողութեան երգեցողութիւն պիտի ապահովեն Հռոմի Արեւելեան Եկեղեցիներու վարժարաններու սաներու երգչախումբերը, որոնց շարքին նաեւ  Լեւոնեան Քահանայապետական հայ կաթողիկէ վարժարանի ժառանգաւորները։

Նշենք թէ Արեւելեան Քահանայապետական Ինստիտուտը հիմնուած է Պենետիկտոս ԺԵ Քահանայապետի օրով 1917 թուականին եւ 1922էն սկսեալ յանձնուած է Յիսուսեան Միաբանութեան հոգաբարձութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.