2017-10-07 09:57:00

ՄԱԿ. «2016-ին աշխարհի վրայ տագնապներու պատճառով զոհուած կամ վիրաւորուած Է 8 հազար երեխայ»


Անցեալ տարի աշխարհի վրայ զինեալ տագնապներու պատճառով զոհուած կամ վիրաւորուած է աւելի քան 8000 երեխայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:

Ըստ անոր, մասնաւորաբար Աֆղանիստանի մէջ անցեալ տարի տագնապին պատճառով զոհուած կամ վիրաւորուած է 3512 երեխայ, Սուրիոյ մէջ` 1915, իսկ Եմէնի մէջ` 1340:

«Ընդհանուր քարտուղարը սարսափի մէջ է այն փաստէն, որ աւելի քան 8 հազար երեխայ սպաննուած կամ վիրաւորուած է 2016 թուականին` տագնապներու ընթացքին… Ան ուրախ է, որ քանի մը երկիրներու կառավարութիւններ եւ որոշ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ այժմ կ՛աշխատին ՄԱԿ-ի հետ` (երեխաներու մահացութեան թիւի կրճատման համար միջոցներու յառաջ մղման) նպատակին հասնելու համար», ըսուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերի յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.