2017-10-06 09:44:00

Քիւրտերը Սուրիոյ մէջ գրաւած Են քարիւղի հանք մը


Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժերը գրաւած են Սուրիոյ Տէր Զօր նահանգի քարիւղի հանքը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Քորրեսփոնտընթ» կայքը:

Քիւրտերը իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Սուար եւ Քասրա քաղաքները: Քրտական ուժերը մասնաւորաբար վերահսկողութեան տակ առած են Տէր Զօրէն եւ Եփրատ գետէն 22 քիլոմեթր դէպի արեւելք գտնուող քարիւղի հանքը:

«Սուրիոյ մէջ քարիւղի 11 մեծ հանք կը գտնուի Եփրատի արեւելեան ափին, որ նահանգը կը բաժնէ երկու մասի: Քարիւղի այդ հանքերուն մէջ կեդրոնացած է Սուրիոյ բոլոր ուժանիւթային հարստութեանց շուրջ մէկ երրորդը», կ՛ըսուի աղբիւրին հաղորդագրութեան մէջ:

Կը հաղորդուի, որ սուրիական բանակը սեպտեմբերին անյաջող փորձեր կատարած է Եփրատի արեւելեան ափերուն քիւրտերուն յառաջխաղացքը կանխարգիլելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.