2017-10-06 07:59:00

Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը՝ Քազուօ Իշիկուրոյին


 ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Ռոյթըրզ».- Հոկտեմբեր 5ին յայտարարուեցաւ, որ Գրականութեան բնագաւառին մէջ այս տարուան Նոպէլեան մրցանակը պիտի շնորհուի Բրիտանիոյ մէջ հասակ նետած ճափոնցի հեղինակ Քազուօ Իշիկուրոյին, որ ծանօթ է յատկապէս իր «Օրուան Մնացորդը» վէպով։

63ամեայ հեղինակը ծնած է Ճափոն, սակայն 5 տարեկանին, ծնողներուն հետ տեղափոխուած է Անգլիա։ Ան անգլերէն կը գրէ եւ հեղինակած է 7 վէպեր, բազմաթիւ կարճ պատմուածքներ եւ բեմագրութիւններ:

Նոպէլեան մրցանակին կողքին, ան պիտի ստանայ նաեւ 1.1 միլիոն տոլարի նուէր:

Իշիկուրօ այս մրցանակը «փառաւոր պատիւ» որակած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.