2017-10-06 12:50:00

«Ի՞նչ կ՛ընենք մենք անչափահասներու պաշտպանութեան համար» հարց կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 6 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիթուանիոյ Վարչապետը Տիար Սաուլիուս Սվերնելի, անոր կողակիցն ու անոնց ընկերացող պատուիրակութիւնը, ապա ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանումի Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնի որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Քոլոմպոյի Ասպետական կարգին Աւագ Ասպետ՝ Փրոֆ Քարլ Անտըրսընի, հուսկ Քլեմենթինա անուան սրահին մէջ ընդունեց “Child Dignity in the Digital World” թուային աշխարհին մէջ  անչափահասներու պաշտպանութեան հայող՝ Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանի մէջ կայացած  միջազգային համաժողովի մասնակիցները։

Այս առթիւ Նորին Սրբութեան ներկայացուեցաւ համաժողովի եզրափակիչ փաստաթուղթը որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած խօսքերուն ու ժողովականներու ներկայութեան ինչպէս նաեւյանձնուած փաստաթուղթին համար ու այդ փաստաթուղթին մէջ պարունակուած յանձնառումներուն համար դիտել տալով թէ անչափահասներու պաշտպանութեան հարցը ծանր հարց է որ երբեք հաւաքական կերպով չէ ուսումնասիրուած, յատկապէս անոնց պաշտպանութիւնը՝ արդի թուային աշխարհի մէջ։

Մարդ անհատի արժանապատուութեան ճանաչումն ու անոր պաշտպանութիւնը հիմքն է ամէն  մէկ ընկերային ու քաղաքական կարգի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Եկեղեցին կը ճանչնայ մարդու իրաւունքի տիեզերական հռչակագիրը, որպէս իսկական անկիւնաքար մարդկութեան բարոյական զարգացումի ուղիին համար։

Նորին Սրբութիւնը  ակնարկեց մանուկներու իրաւունքի հռչակագիրին ու այդ իրաւունքներու պաշտպանութեան, վերահաստատելով թէ «մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն» ինչպէս գրուած է սուրբ գիրքին մէջ ուր նաեւ ընդգծուած  է այն յատուկ  համակրանքն ու քնքշութիւնը զոր Յիսուս կը ցուցաբերէ մանուկներուն «որոնց վերապահուած է երկնքի արքայութիւնը»։

Յիսուսի խօսքերը արդարեւ խիստ են անոնց նկատմամբ որոնք գայթակղութիւն կը պատճառեն այդ փոքրիկներէն մէկուն՝ «աւելի լաւ է որ անոնց վիզին երկանաքար մը կապել ու գահավիժել ծովուն անդունդը»։

Առ այդ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հարկաւոր է՝ մանուկներու արժանապատուութեան պաշտպանութեան նուիրուիլ քնքշութեամբ ու միաժամանակ  վճռականութեամբ, դիմադրելով «մնացորդի» մշակոյթին որ այսօր յայտնաբերուած է տկարներու ու դիւրաբեկներու նկատմամբ։

Իր երկարաշունչ ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ աշխարհը յուզող տարբեր հարցերուն ու յատկապէս «թուային աշխարհին» որ՝ ըսաւ Ան, մեր կեանքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի ու կարող է փոխել մեր մտածումներն ու էութիւնը եւ նոյնիսկ ինքնութիւնը։

Մէկ կողմէն կը սքանչանանք համացանցի ու թուային աշխարհին մեր առջեւ բացած կարելիութիւններուն համար եւ միւս կողմէն կը վրդովինք երբ ականատես ենք անոր արագընթաց զարգացումին ու զարգացումէն յառաջ եկած հարցերուն, որոնք կ՛ընդգրկեն ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, բարոյական ու հոգեւոր մարզերը։

Սրբազան Պապը ապա նշեց թէ 800 միլիոն անչափահասներ կ՛օգտագործեն համացանը ու հարց տուաւ «ի՞նչ կը գտնեն անոնք այդ ցանցին մէջ»,  ակնարկելով «համացանցի» մէջ  գտնուող վտանգներուն, օրինակ պոռնկագրութիւնը,  ու այդ վտանգները միասնաբար դիմագրաւելու պայմաններուն  եւ այս առընչութեամբ ներկայացուց երեք կարեւոր կէտեր՝ որոնցմէ առաջինը զգոյշ ըլլալ թերագնահատելէ «անչափահասներու վնաս հասցնող  երեւոյթները» ու այդ երեւոյթներուն ունեցած ազդեցութիւնը անոնց հոգեբանութեան վրայ,  երկրորդ «արուեստագիտական լուծումներ որոնել» վտանգները կանխարգիլելու եւ կամ առ նուազն զանոնք «կղզիացնելու» ու սահմանափակելու համար ի միտ ունենալով բարոյականութիւնը, ապա հակազդել այն միտումին ու տեսակէտին՝ «համացանցը» ներկայացնելու որպէս «անսահման ազատութեան թագաւորութիւն» ։

Համացանցը մեր առջեւ բացաւ նոր տարածք, ազատ արտայայտութեան ու մտքերու եւ տեղեկութիւններու փոխանակումին, ու այս մէկը դրական է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով նաեւ թէ այդ ցանցը միեւնոյն ատեն վայր է «անօրինական գործողութիւններու» ու բռնութիւններու, որոնք կը սպառնան անչափահասներու արժանապատուութեան։ «Այս մէկը կարելի չէ որակել որպէս ազատութիւն այլ ոճիր» հաստատեց Սրբազան Պապը, հրաւիրելով անոր դէմ պայքարիլ վճռակամութեամբ՝ լայնեցնելով համագործակցութեան ծաւալը համաշխարհային գետնի վրայ՝ ներառելով կառավարութիւններն եւ ապահովութեան ուժերը։ Ան ապա գնահատանք ու թիկունք  յայտնեց վերոնշեալ Միջազգային համաժողովէն բխած փաստաթուղթի պարունակութեան ու ժողովականներու յանձնառումին, այս ուղղութեամբ ընդգծելով նաեւ հաւատացեալներու պատասխանատուներուն ու կրօնապետերու դերակատարութիւնն ու սատարը, ու յատկապէս ապահովելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տրամադրութիւնն ու յանձնառումը։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցող «մանկապղծութեան» հարցին, անհրաժեշտ նկատելով այդ հարցերը դիմագրաւել եւ արմատախիլ ընել, հուսկ ճառին աւարտին ակնարկեց ճամբորդութիւններու ընթացքին բազմաթիւ երկիրներու մէջ իրեն հանդիպած մանուկներուն, աղքատ եւ հարուստ, հիւանդ եւ առողջ, ուրախ եւ տառապող... հաստատելով թէ  այդ մանուկներու աչքերուն մէջ նայիլը փորձառութիւն մըն է որ կը դպչի սրտին եւ կը մղէ խղճի քննութիւն կատարել։ Ֆրանչիսկոս Պապ երկարաշունչ ճառը եզրափակեց   հարց տալով «Ի՞նչ կ՛ընենք մենք որպէսզի այդ մանուկները կարողանան մեզի նայիլ ժպիտով, վստահութեամբ եւ յոյսով. Ի՞նչ կ՛ընենք մենք որպէսզի անոնց աչքերուն մէջ փայլի լոյսը այդ լոյսը  ու  չի խլուի  անոնցմէ ու որպէսզի այդ աչքերը չի գայթակղին համացանցին մէջ անոնց հրամցուած իրականութենէն, որ իրենց կեանքի կարեւոր ու համապարփակ մաս դարձած է»։

«Միասին աշխատինք, որպէսզի միշտ իրաւունք, քաջութիւն եւ ուրախութիւնը ունենանք նայելու աշխարհի մանուկներու աչքերուն մէջ» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով  ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.