2017-10-05 17:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քաղդէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասնակիցները


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2017-ին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց  Քաղդէացի եկեղեցւոյ  եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մասնակիցները եւ այս առթիւ  անոնց արտասանած խօսքին մէջ  ակնարկեց սիւնհոդոսի ընթացքին արծարծուած հրատապ հարցերուն, ինչպէս  քրիստոնեաներուն  բռնի տեղահանութիւնը,  քաղաքներու վերակառուցումը, գաղթականներուն տուն վերադարձի խնդիրներ,  քաղդէացի եկեղեցւոյ իրաւական եւ ծիսական հարցեր ու  կոչումներու տագնապի հարցեր։ 

Ֆրանչիսկսո Պապ ապա ներկաներէն խնդրեց  որ իր ողջոյնները փոխանցեն իրաքի համայն հաւատացեալներուն, որոնք դժուար կացութեան մէջ կը գտնուին,  հայցելով անոնց համար Աստուծոյ ողորմածութիւնը որպէսզի ամոքէ պատերազմին պատճառած  վէրքերը։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Քաղտէացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները,  որպէսզի  անխոնջ կերպով աշխատանք տանին եւ միութեան կառուցողները դառնան , նախ որպէս Քաղտէացի եկեղեցւոյ հովիւներ, ապա  այլ եկեղեցիներու հովիւներու հետ, նպաստեն  երկխօսութեան գաղթականներու տուն վերադարձի աշխատանքներու։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ  Նինուէ քաղաքի մասին,  հաստատելով թէ  «Հնուց ի վեր,  այդ հողամասը, Սուրբ Թովմաս առաքեալի աւանդութեան համաձայն, աշխարհին  յայտնաբերուած է որպէս քաղաքակրթութեան տարածաշրջան, հանդիպումի եւ երկխօսութեան հողամաս։ Հետեւաբար յոյժ կարեւոր է որ քրիստոնեաները, հովիւները եւ հաւատացեալները, հիմնուած  այդ արմատներու վրայ միացած գտնուին,  զարգացնելու համար յարգալիր յարաբերութիւնները,  եւ երկրի զանազան խաւերու միջեւ միջ-կրօնային երկխօսութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացնելով  կոչումներու տագնապին վրայ ու այս առնչութեամբ յորդորեց ուշադիր ըլլալ եւ  ստուգել երիտասարդներու կոչումին  հարազատութիւնը, ու անոնց երաշխաւորել կազմաւորում որ ըլլայ համապարփակ,  ինչպէս նաեւ հայրական մօտիկութիւն ցուցաբերել միշտ  քահանաներուն եւ նորընծաներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց նաեւ որ Քաղէտացի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները,  Լատին եկեղեցւոյ հովիւներուն հետ միասին, վերատեսեն Սփիւռքի նիւթը-  նկատի առնելով  եկեցական հասարակութիւններուն՝ ապրած  շօշափելի իրավիճակը, ըլլայ   թիւի  ըլլայ կրօնային   ազատութեան տեսակէտէն։  

Այս ուղղութեամբ յոյս յայտնեց Վատիկանեան  Տիեզերական Բ  ժողովի թելադրութիւնները  իրականան, դիւրացնելով հովուական ծառայութեան խնամակալութիւնը - ըլլայ Քաղէտացի եկեղեցւոյ  յատուկ տարածքներու մէջ, ըլլայ այն վայրերուն  մէջ  ուր արեւելեան հասարակութիւնները վաղուց ի վեր հաստատուած են, միաժամանակ Լատին Եկեղեցւոյ հետ խթանելով եղբայրական հաղորդութիւնը ու բարի վկայութիւնը զգուշանալով բաժանումներէն ու   անհասկացողութիւնէն ։ Միջ կրօնական ու միջ եկեղեցական երկխօսութիւնը հիմնուելու է միշտ մեր կաթողիկէ հաղորդութեան միութեան վրայ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հովանաւորութեամբ ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը .ու խօսքը աւարտեց մաղթելով որ Սիւնհոդոսական նիստը՝ Քրիստոսի բարի Հովիւի հայեացքին  ներքոյ ըլլայ քննարկումի ու եղբայրական խորհրդածութեան պտղաբեր պահ ի սպաս  Քաղդէացի Եկեղեցւոյ բարիքին ապա բոլորին վրայ հայցեց Տիրոջ Օրհնութիւններն ու Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.