2017-10-05 11:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քալենք միասին ու տարածենք Աստուծոյ Խօսքը»։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, «Շնորհք անոնց՝ որ կը սիրեն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը անկեղծութեամբ»։ Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղած այս խօսքերով է որ,  Հինգշաբթի 5 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց «United Bible Societies Relations Committee» ընկերակցութեան անդամները, մաղթելով որ Սուրբ Հոգիին շնորհները զեղուն ներկաներուն ու բոլոր անոնց վրայ որոնք ամէն ջանք կը դափեն ճանչցնելու համար Աւետարանը, նաեւ առթի հաղորդակցութեան բազմազան  միջոցներու միջոցաւ։

Մենք Փրկութեան Խօսքին ծառաներն ենք, ըսաւ  Սրբազան Քահանայապետը, ծառաներ Յաւիտենական կեանքի Խօսքին ու կը հաւատանք թէ մարդը չ՛ապրիր միայն հացով այլ նաեւ խօսքով որ կ՛ելլէ Աստուծոյ բերնէն եւ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ պէտք է որ մենք սնանինք այդ Խօսքէն, յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով նաեւ թէ՝ մենք հաշտութեան Խօսքին ծառաներն ենք, հաշտութիւն նաեւ քրիստոնեաներու միջեւ, շեշտեց Ան ու ընդգծեց թէ ծառաներ ենք նաեւ այն Բանին որ բխեցաւ՝ դուրս եկաւ  Աստուծմէ  ու մարդեղացաւ, առ այդ կենսական է որ Եկեղեցին եւս դուրս ելլէ Աւետարանը հռչակելու համար բոլորին եւ ամէնուրեք առանց վախի եւ առանց տատամսումի, հնազանդելով Տիրոջ միսիոներական հրահանգին, այն վստահութեամբ թէ Ինք մեր մէջն է մինչեւ աշխարհին կատարածը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով նաեւ թէ Մենք ծառաներ ենք ճշմարտութեան եւ համոզուած ենք որ Աստուծոյ ուզած միութիւնը իրագործելի է միայն  յայտնուած հաւատքի բովանդակութեան ամբողջականութեան միասնական յարումով ու հաստատեց  «մենք ծառաներ ենք Աստուծոյ հզօր Խօսքին՝ որ կը լուսաւորէ, կը պաշտպանէ ու կը պահպանէ, կը բուժէ եւ կ՛ազատագրէ»։

Այս Խօսքին համար բազմաթիւ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը գտնուին բանտին մէջ եւ շատ մը ուրիշներ իրենց արիւնը դափեցին վկայելու համար իրենց Յիսուսի Քրիստոսի մէջ հաւատքը – ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը խօսքին աւարտին ու հրաւիրեց «քալել միասին որպէսզի Խօսքը տարածուի։ Աղօթել միասին որպէսզի  Հօր Կամքը կատարուի. Աշխատիլ միասին որպէսզի մեր մէջ իրականացուին Տիրոջ խօսքերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.