2017-10-05 10:07:00

Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ կ՛ուղղեն արագացնելու Սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վիճարկուած տուրքերու օրէնքին սառեցումը եւ նոյն խորհուրդին կողմէ այդ օրէնքը սահմանադրութեան պատշաճեցումի մղելու քայլը ողջունելի է:

Մարոնի եպիսկոպոսները նշեցին, որ Սահմանադրական խորհուրդը իր այդ որոշումով կը փաստէ, թէ քաղաքացին միայն երկրին քաղաքական իշխանութեան ենթակայ չէ, այլ այն, որ խորհուրդը կը հսկէ քաղաքացիներուն շահերուն:

Մարոնի եպիսկոպոսները երկրին իշխանութիւններէն պահանջեցին  արագացնել սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը` թեթեւցնելու համար Լիբանանին եւ լիբանանցիին բեռը, միաժամանակ առիթ տալով, որ անոնք վերակառուցեն իրենց երկիրը:

Անդրադառնալով աշխատավարձի յաւելումներուն եւ ուսուցիչներու սենտիքաներուն ու դպրոցներու տնօրէնութիւններուն միջեւ տիրող լարուածութեան` մարոնի եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ այդ դպրոցները գիտութիւն ջամբող հաստատութիւններ են, եւ պետութիւնը պատասխանատու է անոնց օժանդակութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.