2017-10-05 10:21:00

40 տարի ետք Մահմետականները պիտի գերիշխեն Եւրոպայի մէջ․ հետազօտութիւն


Ֆրանսացի տնտեսագէտ Չարլզ Գաւը հրապարակած է հետազօտութիւն մը, որու համաձայն 2 սերունդէ ետք Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մնացած մասի սպիտակամորթ բնակչութիւնը պիտի զիջի դիրքերը մահմետական մեծամասնութեան, կը հաղորդէ PanARMENIAN.Net –ը՝ վկայակոչելով The Washington Times-ը:

Գիտնականը հիմնուած է Եւրոպայի մէջ ժողովրդագրական միտումներուն վրայ: Գաւը յայտարարած է «Եւրոպական ժառանգութեան անհետացման» մասին, քանի որ բնիկ ժողովուրդների թուաքանակը կը նուազի, մինչդեռ մահմետականները ծնելիութեան կայուն աճ ունին:

Միեւնոյն ժամանակ, գիտնականը խոստովանած է, որ իր «սպիտակ ժանտախտ» կոչուող աշխատութիւնը կրնայ դժգոհութիւն յառաջացնել եւ գրաքննութեան ենթարկուիլ, քանի որ ձախակողմեան քաղաքական գործիչները ընդհանուր առմամբ քննադատութենէ կը պաշտպանեն իսլամութիւնը, կը գրէ ՌԻԱ  Նովոսթին:

Սակայն Գաւը թիւեր ներկայացուցած է աշխատութեան մէջ, որոնց համաձայն Ֆրանսայի մէջ 1 եւրոպացի կնոջ բաժին կ՛իյնայ 1,4 երեխայ, մինչդեռ 1 մահմետական կնոջը` 3,4-4 երեխայ: Այսօրուան դրութեամբ երկրին մէջ 67 միլիոն մարդ կ՛ապրի, որոնց 10 տոկոսը արդէն մահմետական է:








All the contents on this site are copyrighted ©.