2017-10-04 10:44:00

«Ժամանակակից յոյսի միսիոնարներ». Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի  4 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց Քրիստոնէական յոյսին վրայ անդրադառնալով ժամանակակից յոյսի միսիոնարներու մասին։ 
 
Մինչ անոնք այսպէս կը խօսէին, Յիսուս ինք կայնեցաւ անոնց մէջտեղ ու ըսաւ անոնց. «Խաղաղութի՜ւն ձեզի»:Բայց անոնք՝ սարսափած եւ վախցած՝ կը կարծէին թէ ոգի՛ մը կը տեսնեն: Ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ վրդոված էք, եւ ինչո՞ւ մտածումներ կը ծագին ձեր սիրտերուն մէջ: Տեսէ՛ք ձեռքերս ու ոտքերս, որ ես ինքս եմ. շօշափեցէ՛ք զիս եւ տեսէ՛ք, որովհետեւ ոգին մարմին ու ոսկորներ չ՚ունենար, ինչպէս կը տեսնէք զիս՝ որ ունիմ»: Ասիկա ըսելով՝ ցուցուց անոնց ձեռքերն ու ոտքերը: Երբ իրենց ուրախութենէն՝ տակաւին չէին հաւատար եւ զարմանքի մէջ էին, ըսաւ անոնց. «Կերակուր մը ունի՞ք հոս»: (Ղուկաս 24, 36-41)։
 
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ ժամանակակից յոյսի միսիոնարներու մասին եւ ուրախ եմ որ այս մէկը կը կատարեմ Հոկտեմբեր ամսուայ սկիզբը, որ Եկեղեցւոյ համար յատուկ կերպով նուիրուած է «առաքելութեան» ինչպէս նաեւ Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին՝ որ եղաւ յոյսի մեծագոյն  առաքեալ։

«Քրիստոնեային աւետիսին էութիւնը Յիսուսն է, որ մեռաւ սիրոյ համար եւ որ Աստուած յարոյց Սուրբ Զատկուայ առաւօտ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ մէկը նաեւ քրիստոնէական հաւատքին հիմքն է ու այս առընչութեամբ հաստատեց. «Եթէ աւետարանները վերջ գտնէին Յիսուսի թաղման պատմուածքով, Աւետարանը կը դառնար լոկ կառուցողական ու մխիթարական գիրք մը, բայց ոչ յոյսի հռչակում»։ 

Արդարեւ Յիսուսի մահէն ետք աշակերտները վրդոված հաւաքուած էին վերնատան մէջ մտածելով թէ ամէն ինչ վերջ գտած էր ու կը ծրագրէին թողուլ Երուսաղէմը։ Սակայն Յիսուս յարութիւն կ՛առնէ ու այդ իրողութիւնը կը բարեփոխէ աշակերտներուն միտքն ու սիրտը, որոնք ապա Պենտեկոստէի օրը կ՛ընդունին Սուրբ Հոգիին շունչը որ զանոնք կը վերակենդանացնէ ու  բոլորին կը տանին բարի լուրը։ 
 
Յիսուս արդարեւ չ՛ուզեր աշակերտներ որ կը կրնկեն  իրենց մտքին մէջ պահուած խօսքեր այլ կ՛ուզէ վկաներ  որոնք յոյսը կը տարածեն, որոնք կը սիրեն, ու իրենց վկայութիւնը կու տան ապրելակերպով - ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «իսկական քրիստոնեան համոզուած է որ յարութեան զօրութեամբ  ոչ մէկ չարիք յաւիտենական է, ոչ մէկ գիշեր անվերջ է, ոչ մէկ անհատ վերջնականապէս սխալած է եւ ոչ մէկ ատելութիւն անյաղթ է»։ 

Թէեւ՝ յարեց Սրբազան Քահանայապետը, աշակերտները շատ անգամ սուղ կը վճարեն  Յիսուսէն իրենց պարգեւուած այդ յոյսի գինը։ Մտաբերենք այն բազմաթիւ քրիստոնեաները որոնք հակառակ հալածանքներուն կառչած մնացին իրենց հաւատքին, իրենց յոյսը դնելով Աստուծոյ վրայ։  Բոլոր ժամանակներու մարտիրոսները, իրենց՝ Քրիստոսի նկատմամբ ունեցած հաւատարմութեան շնորհիւ մեզի կը պատմեն թէ անարդարութիւնը կեանքի վերջին խօսքը չէ, թէ Յարուցեալ Քրիստոսին մէջ մենք կարող ենք շարունակել յուսալ, ու թէ Քրիստոսի հետ միասին ոչ մէկ բան մեզ վախ կարող է պատճառել։ 


Ասոր համար քրիստոնեաները դիւրին ու հանգստաւէտ կեանք փնտռղ անձեր  չեն. Անոնց հեզաբարութիւնը պէտք չէ շփոթել անապահովութեան ու ենթարկումի իմաստին հետ։ Սուրբ Պօղոս Տիմոթէոս առաքեալին կը գրէ «Աստուած վախի հոգի մը չի տուաւ մեզի, այլ հոգին զօրութեան, սիրոյ, զգաստութեան»։ Քրիստոնեաները ամէն անգամ որ կ՛իյնան դարձեալ կը վերականգնին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ  «ահա թէ ինչու քրիստոնեան յոյսի միսիոնար է։ Ոչ թէ իր արժանիքներուն համար, այլ շնորհիւ Յիսուսին, այն մանանեխի հատիկը որ հողին մէջ ինկաւ, մեռաւ ու շատ պտուղներ տուաւ»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.