2017-10-03 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 եւ 3 հոկտեմբերի թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ, մը որուն մէջ  ընդգծեց թէ Աստուծոյ ձայնը  կարելի է ունկնդրել միայն  աղօթքի լռութեան մէջ։

«Լոկ աղօթքի լռութեան մէջ է որ կարելի է սորվիլ Աստուծոյ ձայնը ունկնդրել» գրեց Սրբազան Հայրը 

Մինչ՝ երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017-ին, հրապարակած թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ պահապան հրեշտակի մասին, նշելով որ Պահապանը հրեշտակը բարեկամ մըն է որ կարելի չէ տեսնել, եւ որ մեզի կ՛ընկերանայ  այս աշխարհէն դէպի երկինք տանող ուղեւորութեան։  

«Պահապան հրեշտակը բարեկամ մըն է, որ չենք տեսներ, սակայն մեր մօտ կը զգանք։ Ան,  մեզի կ՝ընկերանայ այս աշխարհի ուղեւորութեան ընթացքին մինչեւ երկինք»։ գրած է Սրբազան հայրը 2 հոկտեմբերի թուիթին մէջ։ 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.