2017-10-03 10:31:00

Պէտք ենք ներել գիտնալ


Քրիստոնեայ կրօնքին մէջ, հեզութիւնը հաւատացեալին գոհարներէն մին է : Անով հոգին կը բացայայտուի ու կը վերանայ : Հեզութիւնն ու ներումը կը ներկայացնեն քրիստոնէութիւնը: ոչ միայն խօսքերով, այլ նաեւ գործերով . ան կրօն մը չէ աշխարհական կանոնագիրի մը առումով, այլ ապրելակերպ մը՝ կիրառուած հաւատացեալներուն կողմէն եւ լի մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի մաքրութեամբ եւ անմեղութեամբ:

Հեզութիւնը հզօր զէնք մըն է որ կրնայ մէկու մը սիրտը փոխել զայն լեցնելով մեղմութեամբ եւ ազնուութեամբ . ան ոյժ մըն է որ կրնայ փոխարկել ամէն անձ՝ զայն դարձնելով առաքինի, օրհնեալ եւ բոլորէն սիրուած:

« Թո'ղ ձեր խօսքերը ըլլան մեղմ բայց սերտ որպէսզի իմանաք ինչպէս պատասխանել ամէնուն » կ`ըսէ իմաստունը: Երբ ձեր բոլոր գործերը լի են հեզութեամբ, կամքով, ուրախութեամբ եւ բարեսրտութեամբ, դժուարութիւնը կ`անհետանայ եւ ձեր աշխատանքը կ`ըլլայ աւելի դիւրին եւ թեթեւ . նոյն պարագան է երբ խաղաղ էք եւ թէ ձանձրոյթը  տեղ չունի ձեր մէջ: Սակայն , երբ ձեր խօսքերը կարծր կը դառնան եւ ձեր պատասխանները՝ զեղուն գոռոզութեամբ չէք հանդուրժեր ուրիշին ազդարարութիւնները եւ ժամանակ կը կորսնցնէք ամենահասարակ ինչքերու համար . ձեր հոգին կ`ըլլայ կսկիծ եւ տխրութիւնը ձեզ կը տիրապետէ , ձեզ ընելով ծոյլ եւ զանցառու անձ մը : Պարզագոյն գործերը ձեզ կը թուին բեռ մը, եւ ուրիշները ձեզ կը համարեն իբրեւ վատ օրինակ:

Եթէ մէկը ձեզի խիստ ու բարկացոտ խօսքեր ըսէ, մի՛ ընէք անոր նման այլ պատասխանեցէք համեստօրէն . եւ եթէ ձեր նուրբ վերաբերումը ազդեցութիւն չունենայ իր զայրոյթին վրայ, անտեսեցէք զայն եւ ոեւէ գայթակղութիւն եւ սրտնեղութիւն ցոյց մի տաք: Ձեզ չի վայլեր բարեսրտութեան բոցը մարել քանի մը կաթիլ ջուրով : Մի՛ մոռնաք ձեր անձը , ոճը մի բարձրացնէք այլ միշտ խաղաղ եղէք սրտով, հոգիով եւ խիղճով : Ձեր հանդարտութիւնը մի կորսնցնէք անիմաստ պատմութիւններու համար որոնք ձեզ աւելի կը վիրաւորեն քան կ`ուրախացնեն : Կրակին վրայ իւղ մի դնէք եւ ուրիշին յանդիմանութիւնը հանդարտիկ ընդունեցէք :

Թշնամին կարելին կ`ընէ երկպառակութիւն ցանելու ձեր եւ ձեր հարազատներուն միջեւ. մասնակից մի դառնաք անոր դաւադրութեան՝ կացութիւնը թունաւորելով չար խօսքերով , այլ  յետ դարձէք եւ վտարեցէք սատանան ձեր սրտէն: Մի արտօնէք որ գայթակղութիւնը ձեզ տիրապետէ եւ ձեր սրտին մէջ մնայ մինչեւ յաջորդ օրը: Մի դպնաք գուրգուրանքին եւ լաւութեան , այլ հարցը լուծեցէք համեստութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Եթէ ձեր եղբայրը ձեզ վիրաւորէ ներեցէք անոր՝ նկարագրելով անոր արարքը որպէս թշնամիին ցանած երկպառակութիւնը ձեր երկուքին միջեւ : Յիշաչարութիւն մի ունենաք անոր հանդէպ եւ ոխի մասին մի մտածէք , այլ նկատեցէք զայն որպէս ձեր անդամներէն մին. Ոչ մէկ մարմնային անդամ մը ուրիշ անդամի վնաս կը հասցնէ: Մարդս երբեք իր ակռաները չի խլեր երբ իր լեզուն կը խածնէ կամ իր ոտքը կը յանդիմանէ երբ սայթաքի : Եթէ չէք  ներեր ուրիշները երբ ձեզ կը վիրաւորէն չէք կրնար ըսել Աստուծոյ . « ներէ մեր յանցանքները ինչպէս մենք ալ ուրիշներուն կը ներենք »:

Մի բերկրիք ուրիշին տկարութիւններով , նուաստացումներով, թերութիւնով կամ չարիքով որ անոր կը պատահի , այլ ձեր սրտերուն մէջ պահեցէք ամէն սէր եւ խաղաղութիւն բոլորին հանդէպ ՝ ձեր բարեկամներուն եւ ձեր թշնամիներուն հաւասարօրէն . մի գործադրէք առածը « աչք աչքի դէմ, ակռայ ակռայի դէմ », այլ  ըմբռնեցէք հետեւեալը « սիրեցէք ձեր թշնամիները , օրհնեցէք ձեզ անիծողները , բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն եւ դաժանացնողներուն» : Այսպէս կ`ըլլաք Աստուծոյ զաւակները՝ բարի եւ հնազանդ : Տէրը ստեղծած է արեւը լաւերուն եւ չարերուն համար, եւ Ան անձրեւ կը պարգեւէ հաւասարապէս զոհերուն եւ դահիճներուն : Եթէ միայն սիրէիք ձեզ սիրողները , ի՞նչ  արժանիք պիտի ունենայիք: Մեղաւորները կարողութիւն չո՞ւնին սիրելու: Եթէ միայն ձեր սիրելիները ընդունէիք , ինչո՞վ աւելի լաւ պիտի ըլլայիք ուրիշներէն : Նոյնիսկ մեղաւորները կարողութիւնը ունին սիրելու եւ սիրուելու : Եղէք ուրեմն կատարեալ ՝  Աստուծոյ պատկերին նման:

Այս օրերուն, շատ մը մարդիկ կը մտածեն իրենց շահերուն եւ անձնասիրութեան : Քիչեր կ`ապրին իսկական հեզութեամբ եւ բարութեան ոգիով:

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան            








All the contents on this site are copyrighted ©.