2017-10-03 10:30:00

ԵՄ-ն պատրաստ է ստորագրելու Հայաստանի հետ նոր Գործընկերութեան Համաձայնագիրը. Ե. Հան


Այս տարին կարեւոր տարի է Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար, եւ ԵՄ-ն պատրաստ է ստորագրելու Հայաստանի հետ նոր Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այդ մասին յայտարարած է եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան Հայաստան իր այցին ընդառաջ:

«Սա շատ կարեւոր տարի է ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն համար, քանի որ մենք կ՛ընդլայնենք եւ կը խորացնենք մեր համագործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ: ԵՄ-ն պատրաստ է ստորագրելու Հայաստանի հետ նոր Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Համաձայնեցուած գործընկերային առաջնահերթութիւններու հետ միասին ասիկա պիտի ձեւաւորէ մեր համագործակցութիւնը, որու ծիրէն ներս կը պատրաստուինք ներդրում կատարելու, ի թիւս այլ ոլորտներու, կրթութեան եւ նորարարութեան ոլորտին մէջ, քանի որ հմտութիւններու զարգացումը առանցքային պիտի ըլլայ Հայաստանի ապագայի համար: Իմ այցը նաեւ նախապատրաստութիւն պիտի ըլլայ Արեւելեան գործընկերութեան յաջորդ գագաթնաժողովի համար` Հայաստանի քաղաքացիներու առօրեայ կեանքին մէջ շօշափելի օգուտներ բերելու նպատակ ունեցող «2020 թուականի 20 արդիւնքներո»ու ուղղութեամբ մեր համատեղ յառաջընթացի մասին քննարկումներուն միջոցով»,-«Թերթ․ամ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Հան:

Յիշեցնենք, որ Պրիւքսելի մէջ Նոյեմբեր 24-ին կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին ընդառաջ այսօր` Հոկտեմբեր 2-ին, Հայաստան պիտի ժամանի Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.