2017-10-02 12:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Փոքրիկ Քոյրերու միաբանութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ անուան» դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Յիսուսի փոքրիկ քոյրեր» միաբանութեան աւելի քան 60 անդամները, որոնք  Հռոմի մէջ գումարած էին  իրենց միաբանութեան  ընդհանուր ժողովը։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով   ժողովի կարեւoրութեան,  նշեց թէ անիկա հոգեւոր միասնական փորձառութիւն մըն  է որպէս վերադարձ       դէպի անհատական ու հասարակաց կոչումի աղբիւր, ապա հաստատեց թէ   Փոքրիկ քոյրերուն  միաբանութեան  ակնաղբիւրը՝ միաբանութեան հիմնադրուհի՝  Յիսուսի փոքրիկ դուստր՝ Մատալլենայի Աստուծոյ քնքշութեան ապրած փորձառութիւնն է,  որ   ընթանալով երանելի Շարլ Տէ Ֆուքոյի հետքերուն վրայ, ըմբռնեց   թէ Ամենակալը, Արարիչը եւ Տիեզերքի Տէրը, չի վախցաւ Փոքրիկ մանուկ դառնալէ՝ Մարիամի բազուկներուն մէջ,  մեզի հանդէպ ունեցած իր սիրոյն համար, եւ որ տակաւին որ կ՝ուզէ իւրաքանչիւրիս նուիրել ինքզինք ՝  հեզութեամբ՝ սիրոյ համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց  նաեւ  որ միաբանութեան հիմնադրութենէն  80 տարիներ ետք, կան աւելի քան հազար փոքրիկ քոյրեր՝ սփռուած ի սփիւռս աշխարհ , որոնք  դժուար կացութիւններուն մէջ՝ մօտիկ են  աղքատներուն եւ մանուկներուն, ոչ միայն դաստիարակելու կամ խնամք տանելու համար , այլ սիրելու , փոքրիկներու հետ միասին գտնուելու՝ Յիսուս նման, ինչպէս նաեւ   Աւետարանը հռչակելու համար, պարզ կեանք վարելով որ բնորոշուած է աշխատանքով, բարեկամութեամբ, ներկայութեամբ եւ առանց պայմանի հիւրընկալութեամբ։  ֆրանչիսկոս Պապ   Փոքրիկ քոյրերու միաբանութեան անդամներուն համար կենսական համարեց  ստէպ  վերադառնալ   Աստուծոյ մօտիկութեան սկզբնական  փորձառութեան, որ ինքզինք կը նուիրէ հեզութեամբ մեզ  փրկելու եւ  մեզ սիրով լիացնելու  համար։ Այս Աստուծոյ սէրը պէտք է արտայայտուի աւետարանութեան մէջ գործով ու խօսքով ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հուսկ յորդորեց,  որ փոքրիկ քոյրերը իրենց հոգեւորը  կեանքը միշտ վառ պահեն, եւ  կաշկանդուած չըլլան  նիւթական կապերուն,  աւելիով սիրելու համար բոլոր անոնք որոնց կը հանդիպին ամենուրեք՝ ուր Սուրբ Հոգին կ՝առաջնորդէ զիրենք։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշելով Փորքիկ Քոյրերու հիմնադրուհիին  խօսքերը «  արաբներու հետ արաբ ըլլալ, աշխատաւորներու հետ աշխատաւոր, մարդ էակներու  հետ  մարդկային,  յարեց թէ այսպէսով է որ  փոքրիկ քոյրերու միաբանութիւնը տարածուեցաւ ամէն երկիրներու մէջ՝   ամէն ցեղերու եւ կրօններու պատկան  փոքրիկներուն հանդիպելով, գերազանցելով բոլոր  պատնէշները ապա յորդորեց որ հասարակական  կեանքէն ներս ապրիլ եղբայրութիւնը հակառակ առօրեային դժուարութիւններուն ինչպէս ըրած էր իրենց հիմնադրուհին։

Բնականաբար դուք առանցին կարող չէք աշխարհը փոխել ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը սակայն կարոյյ էք զայն լուսաւորել ճամբաներու, թաղերու ու մարդոց տանելով Աւետարանի ուրախութիւնը, ապրելով  մարդոց մէջ ու միշտ աւելի մօտիկ ամենափոքրերուն եւ այս կարող էք ընել  վստահելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին ու եկեղեցւոյ աղօթքին վրայ,  յատկապէս այս ձեր ՝ միաբանութեան ընդհանաուր ժողովին առթիւ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Եզրափակելով խօսքը ու շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց այս այցելութեան համար խնդրելով որ իրենք եւս աղօթեն իրեն համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.