2017-10-02 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Իտալիոյ Նուիրատուութեան Հիմնարկի հանդիպումի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 2ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զեկոյց մը ուղղեց Իտալիոյ Նուիրատուութեան Հիմնարկի հանդիպումին մասնակիցներուն։

Սրբազան Հայրը գնահատեց հիմնարկի կատարած աշխատանքները։ Ան նկատեց, թէ «կեանքը մեծագոյն նուէրն է, որ Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհած է.» իսկ կեանքը անմիջական մաս է արարածներուն։ հետեւաբար, յորդորեց ան, բոլորը պէտք է զգան արարածները պատշաճ կերպով պահպանելու, խնամելու եւ պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը, մասնաւոր կերպով նկատի ունենալով ներկայի բնատնտեսութեան տագնապը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ կեանքի պարգեւը կը բխի Աստուծոյ սէրէն, եւ զեկոյցին կարեւոր մէկ մասը նուիրեց սիրոյ խորհուրդին, յատուկ կերպով շեշտելով սիրոյ պատուիրանին վրայ։

«Նուէրի Օրը» Իտալիոյ մէջ կը տօնուի հոկտեմբերի 4ին։ Սրբազան Հայրը յիշեց, թէ այդ տօնը պարզապէս վերացական գաղափար մը չէ, այլ շօշափելի կեցուածք մըն է, որուն արմատները Աւետարանի պատգամին մէջ են։ Ան յորդորեց որ բոլորը, եւ յատկապէս պատանիներ եւ երիտասարդներ ունենան նուիրելու փորձառութիւնը՝ կերտելու համար սիրոյ քաղաքականութիւն մը։

Զեկոյցի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝ «Կը քաջալերեմ ձեզ որ ուրախութեամբ հետեւիք ձեր ուղիին։ Եղէք կեանքի պաշտպաններ, արարչութեան պահապաններ եւ սիրոյ վկաներ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.