2017-10-02 10:20:00

Իրաքցի զինուորականները մօտ 30 գիւղ ազատագրած են


Իրաքցի զինուորականները մօտ 30 գիւղ ազատագրած են Ալ-Հաւիճա քաղաքի մատոյցներուն վրայ, որ կը մնայ Իսլամական պետութեան գլխաւոր պատուարը: Այս մասին նշուած է հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ:

Իրաքի վարչապետ Հայտեր Ալ-Ապատին Սեպտեմբերի վերջը յայտարարած էր Քիրքուք նահանգի Էլ-Հաւիճա քաղաքի ազատագրման գործողութեան մեկնարկին մասին:

Գիւղերուն վրայ գրոհը իրականացուցած են դաշնային ոստիկանութեան ռազմականացուած մասերը, ինչպէս նաեւ ժողովրդական աշխարհազօրը: Զինուորականներու փոխանցումով` առաջխաղացումը դէպի Էլ-Հաւիճա կը շարունակուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.