2017-10-01 07:30:00

Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ Հոկտեմբեր մէկին, Լատին Եկեղեցւոյ մօտ կը նշուի Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի ծիսական տօնը, որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նախ քան հովուական առաքելութեամբ Չեզենա մեկնումը, Քահանայապետական թուիթըրեան @Pontifex  կայքին վրայ  հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց՝ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայէն սորվիլ հեզութիւնը՝ նման Աստուծոյ որ նուաստացաւ մեզի համար։

«Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի նման սորվինք Աստուծոյ հեզութիւնը որ մանուկ դարձաւ մեզի համար». գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.