2017-10-01 14:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ աղքատներու, գաղթականներու ու բանտարկեալներու հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Պոլոնիա կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ՝ Սան Փեթրոնիօ Պազիլիքային մէջ,  կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ խումբ մը աղքատներու, գաղթականներու ու բանտարկեալներու հետ եւ այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց այնտեղ գտնուելուն համար դիտել տալով թէ« Եկեղեցին որ մեր Մօր տունն է, ողորմութեան տունը, Եկեղեցին կը հիւրընկալէ բոլորը ու մասնաւորապէս անոնք որոնք կարիքը ունին տեղի մը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Եկեղեցին կը պատկանի բոլորին ու յատկապէս աղքատներուն։

«Բարեգործութիւնը միակողմանի ճանապարհ մը չէ, այլ շրջանաձեւ է ու բոլորն ալ բան կը ստանան ու կը պարգեւեն» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուս ոչ մէկը կը մեկուսացնէ, ոչ մէկը կ՛անտեսէ։ «Ան երբ ծարաւ է մեզմէ կը խնդրէ որ ջուր տանք իրեն, որովհետեւ մեր հետ կը քալէ ու մեր հետ կը տառապի», յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ ջրամանը մեր սիրտն է, ապա նշեց թէ հանդիպման աւարտին ներկաներուն պիտի յանձնուի թանկագին կերակուրը՝ Աւետարանը՝ Աստուծոյ Խօսքը որ բոլորս կը կռենք մեր սրտերուն մէջ եւ որ մեզի՝ քրիստոնեաներուն համար ունի Յիսուսին բարի դիմագիծը։

«Առէք զայն ու ձեր հետ տարէք որպէս նշան եւ որպէս Աստուծոյ հետ բարեկամութեան կնիք» հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ամէնքս պանդուխտ ենք ու սիրոյ եւ յոյսի մուրացկաններ ենք ու բոլորս պէտք ունինք այն Աստուծոյն որ մեզի մօտիկ է։

«Ձեր հետ ուրիշներուն տարէք այս սիրոյ հացը որ այսօր կը բաժնեցինք, բոլորին նուիրեցէք բարեկամութիւն» յորդորեց Սրբազան Պապը նշելով թէ աւարտին պիտի արտասանուի «Հայր մեր» աղօթքը ու թէ այդ աղօթքը աղքատներուն աղօթքն է զոր Յիսուս սորվեցուց իր աշակերտներուն։ Հայր մերը «յոգնակի» աղօթք մըն է՝ «հաց մեր…» կ՛ըսենք ու այս մէկը կը նշանակէ բաժնեկցութիւն ու մասնակցութիւն ինչպէս նաեւ հասարակաց պատասխանատուութիւն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղելով  յաղթահարել եսասիրութեան որեւէ երեւոյթ ու այդ «հացի» բաժնեկցութեան համար շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.