2017-09-30 13:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալիոյ քաղաքապետութիւններու ազգային ընկերակցութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ՝ 30 սեպտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ քաղաքապետութիւններու ազգային ընկերակցութեան անդամներուն ու այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Սուրբ Գրքի մէջ նշուած երկու քաղաքներու մասին՝ Բաբելոնի աշտարակը, որ խորհրդանիշ է կորուստի եւ շփոթութեան, բաժանումներու ու իրար հասկնալու անհնարաւորութեան ՝որ անկարելի կը դարձնէ միասնական գործ մը իրագործել, ապա Նոր Երուսաղէմը որ կը  խորհրդանշէ  նորոգուած աշխարհը, նման  վրանի մը՝  ուր ընդլայնուած է հանդիպումը ու քաղաքացիութիւն գտնելու կարելիութիւնը։ Այնտեղ բնակիլը շնորհք մըն է ու կարելի է մուտք գործել այնքանով որ կը սատարենք խթանելու եղբայրութեան ու հաղորդութեան յարաբերութիւնները. ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ «այս մէկը բացայայտ ապացոյց է  թէ մարդկային հասարակութիւնը կարող է ոտքի մնալ միայն երբ հիմնուած է իսկական զօրակցութեան վրայ, մինչ այնտեղ ուր կ՛աճին նախանձն ու հակառակութեան հոգին, այնտեղ կայ քաոսային բռնութիւն»։

Սրբազան Պապը ապա խօսքը կեդրոնացուց իտէալական քաղաքի իրականութեան վրայ, ուր ըսաւ Ան, հանդուրժելի չէ անհեթեթ անհատականութիւնը, կաշառակերութիւնը, հանրային տարածքներու սեփականացումի պատնէշները, եւ ուր «մենք» բառը կը դառնայ կարգախօս։

Այսպիսի քաղաք կառուցելու համար պահանջը կայ  առօրեայի հեզ ու յարատեւ յանձնառումի որ իր կարգին կը մղէ աւելիով լայնցնելու տարածքները եւ իւրաքանչիւրին պարգեւելու կարելիութիւն՝ իրականացնելու ինքզինք ու բացուելու ուրիշներուն։ Այսպիսի քաղաքի ծառայելու համար հարկաւոր է մեծահոգի սիրտ մը, որուն մէջ պահպանել հասարակաց բարիքի սէրը։ Այս տեսլականն է որ մարդոց մէջ կ՛աճեցնէ քաղաքացի ըլլալու արժանապատուութիւնը, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ հարկաւոր է այս առընչութեամբ խթանել ընկերային արդարութիւնը, աշխատանքը, ծառայութիւններն ու հնարաւորութիւններ, որովհետեւ, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը, քաղաքը կենսունակ մարմին մըն է ուր եթէ մէկ մասը շնչահատութենէ կը տառապի, պատճառը այն է որ միւս մասերէն բաւարար օդ չի ստանար, ապա ակնարկեց դասակարգերու միջեւ բաժանումին ու յատկապէս մեկուսացեալ խաւերու թշուառ իրավիճակին, կոչ ուղղելով մերժել այդպիսի իրականութիւն՝ ուր մէկուն կեանքը կը նշանակէ միւսին համար մահ եւ ուր մրցակցութիւնը կը կործանէ զօրակցութեան ու մարդկային եղբայրութեան իմաստը։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց այցելել արուարձանները, ըլլան անոնք քաղաքի արուաձան, ընկերային կամ գոյութենական, դիտել տալով թէ վերջիններուն տեսակէտը լաւագոյն դպրոցն է, որ մեզի կը հասկցնէ թէ որոնք են անոնց իսկական կարիքները ու մեզի ցոյց կու տայ անարդարութիւնը վերացնելու ճանապարհը, որ հիմնուած է այնպիսի հասարակութիւններ կառուցելու վրայ՝ ուր իւրաքանչիւրը ինքզինք զգայ  ճանչցուած  որպէս անհատ ու քաղաքացի, սեփականատէր իրաւունքի ու պարտականութիւններու։ 

Այս առընչութեամբ Սրբազան Պապը հրաւիրեց խթանել քաղաքականութիւն ու տնտեսութիւն մը որ հիմնուած ըլլայ բարոյականութեան վրայ, պատասխանատու բարոյականութիւն մը, յարաբերութիւններու, հասարակութեան ու միջավայրի բարոյականութիւն, որ չի մեկուսացնէր անոնք որոնք մեր տարածաշրջանը կը հասնին, այլ կ՛օգտագործէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին կենսունակութեան պտուղները։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յարեց. «Կը հասկնամ ձեր անթիւ քաղաքացիներուն անհանգստութիւնները՝  յառաջացած գաղթականներու եւ ապաստանեալներու զանգուածային ժամանումէն։ Այդ անհանգստութիւնները իրենց բացատրութիւնը կը գտնեն  օտարականի նկատմամբ յառաջացած վախէն.  երկիւղ մը որ՝ ծանրացած  է տնտեսական տագնապի պատճառած  վէրքերու հետեւանքով,  տեղական հասարակութիւններուն անպատրաստութիւնէն,  շտապ մթնոլորտի մէջ որդեգրուած  անթիւ միջոցառումներու անհամեմատութենէն։  Այդ անհանգստութիւնը կարելի է  շրջանցել, փոխադարձ ծանօթութեան եւ  անհատական  հանդիպումի վայրերու  ընծայումի միջոցաւ,  ըսաւ  ապա Նորին Սրբութիւնը  ողջունելով ու գնահատելով այն բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն հանդիպումի մշակոյթին,  արուեստի եւ մշակոյթի հարստութիւններու փոխանակումին։

Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը յորդորեց յատուկ ուշադրութիւն ընծայել երիտասարդներուն ու զանոնք դարձնել ընկերութեան դերակատարներ ապա հաստատեց  թէ «քաղաքապետ մը պէտք է ունենայ կառավարելու խոհեմութեան առաքինութիւնը ու նաեւ առաքինութիւնը՝ քաջութեան, յառաջ ընթանալու ու առաքինութիւնը քնքշութեան որպէսզի մօտիկ ըլլայ տկարներուն»։ Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ անոնցմէ խնդրելով որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.