2017-09-29 12:49:00

Վանականութիւն (ԽԶ)


Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի, եւ յատկապէս հոգեւորականի, կրօնաւորի եւ վանականի առօրեայ կեանքին էական մաս մըն է աղօթքը։ Առանց աղօթքի գոյութիւն չունի հոգեւոր կեանք։ Աղօթքը հոգիին սնունդն է։ Աղօթքը զօրութեան աղբիւր է։ Վանականի մը կամ կրօնաւորի մը կեանքին մէջ աղօթքը ունի առաջնահերթ տեղ։ Կարելի չէ խօսիլ վանականութեան մասին՝ առանց անդրադառնալու վանականներու եւ կրօնաւորներու աղօթքի կեանքին։ Հաւատացեալը կրնայ աղօթել օրուան որեւէ ժամուն, սակայն վանքերու մէջ կան աղօթքի յատկացուած յատուկ ժամեր։

Նախ քան վանական աղօթքներու եւ աղօթքի սովորութիւններու անդրադառնալը, քննարկենք թէ ի´նչ է աղօթքը։

Ներսէս Լամբրոնացի, պատարագի մեկնութեան իր երկին մէջ կը խօսի աղօթքի մասին։ Ան կը գրէ՝ «ʼԱստուած Հոգի էʼ, կʼըսէ Տէրը, եւ Իր երկրպագուներէն չի խնդրեր պարանոցի կորացումը կամ ծունկերը միացնել, կամ ձայնի բարբառելը, այլ հոգիով եւ ճշմարտութեամբ երկիրպագանել, այսինքն բանաւոր միտքը դէպի բանաւոր Աստուած դէպի վեր ուղղել։ Որովհետեւ այս է որ կը հաշտեցնէ զԱյն, եւ ոչ բերանի խօսքը։ Կը կարծես թէ ձայնի գոչու՞մն է որ երկինք կը հասնի. ոչ երբէք, այլ հոգւոյն աղաղակը։

Այնպէս ինչպէս կը հաւատանք որ Աստուած մեզի մօտ է, այնպէս ալ մենք անոր մերձենանք։ Իսկ ինչպէս Աստուած մեզի մօտ է իմացականօրէն, եւ ոչ տեսանելի կերպարանքով, այնպէս մենք ալ պէտք է անոր հետ խօսինք եւ Անոր մօտենանք՝ իմացական հոգիով եւ ոչ լսելի ձայնով։ Նախ մեր սիրտը պէտք է բարձրացնենք Անոր, եւ ապա տենջանք՝ ձայնը մտքին ընթացակից դարձնել։

Իսկ եթէ միտքը հեռու է Աստուծմէ եւ միայն լսելի ձայնը Անոր հետ կը խօսի, այն ժամանակ մեր աղօթքը միայն շաղակրատանք է Անոր դէմ, եւ մեր աղօթքը հեթանոսաբար շատախօսութիւն է, ինչպէս կʼըսէ Տէրը։ Սակայն փափաքելով ուղիղ ճամբէն հաճոյքով ընթանալ, նախ հաւատանք՝ թէ Աստուած մօտ է բոլորին, ինչպէս կը հաստատէ ամբողջ Աստուածաշունչը։ Երկինքը Արարիչին համար պատրուակ մը չէ մեզ Իր ամենատես աչքերէն ծածկելու համար. մե´նք ենք որ անոր մօտիկ չենք, որովհետեւ մեր միտքը մոլորեցուցած ենք կեանքի զանազան պարագաներուն մէջ, ուր կարելի էր Աստուած տեսնել։ Արդ մեր միտքը դարձնելով եւ ամփոփելով վայրապար ցնդումէն՝ անոր ճանապարհը ուղղենք դէպի վեր՝ ամենասուրբ պատշաճութեամբ եւ անպղտոր խորհուրդներով խօսինք Աստուծոյ հետ՝ աղօթքով, եւ մօտենանք անոր։ Որովհետեւ ի՞նչպէս կարելի է որ էակներս հաւատանք, թէ ան կʼօտարանայ, որուն ազդու եւ հատու խօսքը «կը կտրէ կʼանցնի մինչեւ ոգիի եւ հոգիի, յօդերու եւ ողնածուծի բաժանման սահմանը» (Եբր Դ. 12) ինչպէս կը գրէ առաքեալը։»

Ներսէս Լամբրոնացի կը խօսի հաւատքի մասին, եւ ապա կʼըսէ՝ «Իսկ եթէ մէկը սրտանց կը հաւատայ, եւ կը հաւատայ թէ Աստուած բոլորին մօտ է՝ ապա աղօթքի կը ձեռնարկէ, մտածելով թէ Աստուած մօտ է իրեն, եւ այնպէս Անոր հետ կը խօսի. աստուածային գիտութեամբ կը բարձրանայ աստուածային կայանի երկնքի լուսաւոր վայրերը։» Սուրբ Ներսէս ապա աղօթքը կը կապէ Սուրբ Պատարագի զոհին, շարունակելով՝ «Ասոր համար պատարագի խորհրդածութիւնը կատարելէ առաջ՝ պէտք է իմանանք աղօթելու ճամբան, եւ թէ աղօթքը մտքի ներգործութիւնն է, եւ սրտի տռփանքին իղձերը, եւ ոչ թէ խօսքի կամ բեռնի։ Եւ չենք կրնար զայն Աստուծոյ լսելի ընել, բայց եթէ միտքը բոլոր զբաղմունքներէն դուրս գայ եւ իմացութեամբ տրորուի։ Այս ուրիշ բան չէ, բայց թէ միայն բանաւորապէս Աստուծոյ բարձրանալ, եւ Անոր լոյսով լեցուիլ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.