2017-09-29 08:21:00

Պուլկարիոյ մԷջ օծուեցաւ հայկական եկեղեցի


Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի օրհնութեամբ սեպտեմբեր 23-ին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեան մեկնեցաւ Պուլկարիոյ Եամպոլ քաղաք` հանդիսապետելու նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման եւ բացման արարողութիւնը:

Ինչպէս տեղեկացուցին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, սեպտեմբեր 24-ին յընթացս Սուրբ Պատարագի օծուեցան եկեղեցւոյ 16 սիւները եւ մկրտութեան Սուրբ աւազանը: Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուած է 2008 թուականին` թեմի լուսահոգի առաջնորդ Տ․Տիրայր արք․Մարտիկեանի ձեռամբ: Հայկական եկեղեցաշինական աւանդոյթներով կառուցուած եկեղեցւոյ ճարտարապետներն են  Ժիրայր եւ Ալվարդ Պատուականները:

Աղօթատունը, ուր կրնայ տեղաւորուիլ շուրջ հարիւր մարդ, կառուցուած  է Սոնեայ  Արշաւիրի բարերարութեամբ:

Եկեղեցւոյ օծման  հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Ռումանիոյ հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ  Տ․Տաթեւ եպս․Յակոբեան, քաղաքային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, պատգամաւորներ, Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեան, հայ համայնքի անդամներ, այլ քաղաքներէ ժամանած հիւրեր:

Թեմակալ առաջնորդ Տ․Իսահակ վարդապետ Պօղոսեան իր քարոզին մէջ նշեց, որ իւրաքանչիւր եկեղեցի աշխարհի որ անկիւնին մէջ  ալ կառուցուի, կը կառուցուի առ Աստուած հաւատքով, առ Սուրբ Էջմիածին սիրով եւ այն խոր համոզմամբ, որ առանց Հայ Եկեղեցւոյ վտանգուած է քրիստոնեայ հայու հոգեւոր կեանքը, ազգի յարատեւութեան ու փրկութեան երաշխիքը: «Այս նորակերտ եկեղեցին ձեր հաւատքի վկայութիւնն է, որուն օրհնաբեր յարկին ներքոյ համախմբուած էք այսօր»,-ըսաւ հայր սուրբը:

Բարձր գնահատելով  բարերար Սոնեայ Արշաւիրի եկեղեցաշինութեան գործին մէջ ունեցած աւանդը` բարերարը  պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանով:

Հայր Իսահակը նաեւ գնահատանքի խօսք ըսաւ Պուլկարիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, Եամպոլի ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքի պուլկարացի բնակչութեան հայ համայնքին հանդէպ ցուցաբերած ջերմ վերաբերմունքին համար:

Եկեղեցւոյ օծման եւ հանդիսաւոր բացման արարողութենէն ետք  ներկաներուն Վեհափառ հայրապետի շնորհաւորանքներն ու հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց Տ․Եզրաս արք․Ներսիսեան: Սրբազան հայրն  իր խօսքին մէջ նշեց, որ սեպտեմբեր 24-ը Եամպոլ քաղաքի հայերուն համար  տօն է հաւատքի, սիրոյ ու նուիրումի: «Հակառակ մեզ բաժին ընկած բոլոր դժուարութիւնների ու փորձութիւնների,  հայ ժողովուրդը միշտ մնացել է հաւատարիմ Սուրբ Էջմիածնին, որը  Աստծոյ Միածին Որդու իջմամբ է հիմնուել եւ  որով օրհնուել է հողը  հայրենի եւ ազգը մեր աստուածասէր»,-ըսաւ Սրբազան հայրը եւ պատգամեց հաւատարիմ մնալ  Տիրոջ պատուիրաններուն, Աստուծոյ տան մէջ առատացնել  աղօթքը` յանուն աշխարհի խաղաղութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան, Հայաստանի եւ Պուլկարիոյ  յառաջընթացի եւ առաքելահաստատ Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան:

Հնադիսաւոր արարողութեան աւարտին սիրոյ ճաշ տրուեցաւ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.