2017-09-29 10:11:00

Հրեշտակները մեզ կ՛առաջնորդեն ու կը պաշտպանեն մեր կեանքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ հրեշտակապետերու տօնին առթիւ, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ «Մարդիկ եւ հրեշտակներ ունին միեւնոյն կոչումը։ Միասնաբար կը համագործակցին Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրին»։

«Մենք կոչումի եղբայրներ ենք» ըսաւ Սրբազան Պապը, «Անոնք կը գտնուին Տիրոջ յառաջ՝ Անոր ծառայելու ու զայն փառաբանելու համար։ Ու Տէրը զանոնք կ՛ուղարկէ որպէսզի ընկերանան մեր կեանքի ուղեւորութեան»։

Ֆրանչիսկոս  Պապ մատնանշեց ապա երեք հրեշտակապետերու կարեւոր դերին. Միքայէլը որ կը պայքարի սատանային դէմ, որ կ՛ուզէ մեզ խափել ու փորձութեան մատնել եւ անգամ մը որ մեղքի մէջ ենք, մեզ կը մեղադրէ Աստուծոյ առջեւ ըսելով թէ «մեղաւորն մըն է. Ինծի կը պատկանի»։  Գաբրիէլը ապա «բարի լուր» փոխանցողն է՝ փրկութեան լուրը. Ան մեզի միշտ կը յիշեցնէ թէ Յիսուս եկաւ մեզի համար՝ մեզ փրկելու համար։ Ապա Ռաֆայէլը՝ քիչ ճանչցուած հրեշտակապետը որ միշտ մեր հետ կը քալէ, ընկերակից է մեր ուղեւորութեան, ու անոր է որ պէտք է դիմենք որպէսզի մեզ պաշտպանէ սխալ քայլերէն»։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց աղօթելու ու հայցելու հրեշտակապետերու բարեխօսութիւնը՝ «Միքայէլ օգնէ մեզի առօրեայ պայքարի ընթացքին։ Գաբրիէլ՝ մեզի տուր փրկութեան ուրախ լուրը, մեզի պարգեւէ յոյս, եւ Ռաֆայէլ, օգնէ մեզի սխալ ճանապարհ չ՛ընտրելու»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.