2017-09-29 08:02:00

Լուսահոգի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը 30 սեպտեմբերին։


(Ռատիօ Վատիկան) Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ «լուսահոգի Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը պիտի կատարուի Զմմառու վանքին մայր տաճարին մէջ, Շաբաթ 30 Սեպտեմբեր 2017ին կ. ա. ժամը 11։00ին,    նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Սուրբ Եւ Անմահ պատարագի աւարտին Հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի միաբանութեան դամբարանին մէջ»։
Յայտնենք թէ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ հոգելոյս Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան՝ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր հոգին աւանդած էր առ Հայր, Չորեքշաբթի 27 Սեպտեմբեր 2017ին, առաւօտեան ժամը 07։00ին Զմմառու Մայրավանքին մեջ։

Հայր Անդրանիկ  Կռանեան ծնած է 20 յունուար,1929-ին, Լիբանան: Իր նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ: Նուիրուելով հոգեւորական կեանքին` յաճախած է Զմմառու դպրեվանք, ապա մտած Հռոմի ժառանգաւորաց  Լեւոնեան Քահանայապետական հայ դպրեվանքը յաճախելով Յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան միջազգային համալսարանը:

1954-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ` դառնալով անդամ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան:

1973-էն  խմբագրած է Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Մասիս» շաբաթաթերթը, իսկ 1990-էն ի վեր կը վարէր խմբագրութիւնը Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ին:

Դասաւանդած է գրաբար, հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայ ծիսագիտութիւն եւ հայ մատենագրութեան վերաբերեալ այլ նիւթեր` Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ Քասլիքի մարոնի Անտոնեան հայրերու համալսարանին մէջ:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, խնդրելով յաւիտենական հանգիստ Հոգելոյս Վարդապետին հոգւոյն համար։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.