2017-09-27 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ գաղթականներուն հայող Միջազգային Քարիթասի քարոզարշաւին։


(Ռատիօ Վատիակն) Չորեքշաբթի 27 սեպտեմբեր 2017-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընկալելով Միջազգային Քարիթասի ներկայացուցիչները, որոնք Հռոմ համախմբուած են սկիզբ տալու Միջազգային Քարիթասի «Բաժնեկցինք ճանապարհորդութիւնը» քարոզարշաւին, ողջունեց գաղթականներն ու ապաստանեալները որոնք Քարիթասի գործիչներու հետ միասին «նշանն են Եկեղեցւոյ մը որ կ՛ուզէ ըլլալ բաց, ներառնող եւ ընկալող» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր Քարիթասի կամաւորներուն, անոնց մատուցած անխոնջ ծառայութեան համար։

«Ձեր առօրեայի յանձնառումով դուք մեզի կը յիշեցնէք թէ նոյնինքն Քրիստոսն է որ մեզմէ կը խնդրէ բազկատարած ընկալել մեր գաղթական եւ ապաստանեալ եղբայրներն ու քոյրերը» - յարեց Նորին Սրբութիւնը շեշտելով . «Այո՛ բազկատարած, նման Սուրբ Պետրոսի այս հրապարակի կամարներուն որոնք կը ներկայացնեն Եկեղեցին որպէս Մայր՝ որ բոլորը կ՛ողջագուրէ»։

Կոչին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան պատկան բոլոր կազմակերպութիւնները որոնք՝ ծառայութիւն կը մատուցեն գաղթականներուն եւ ապաստանեալներուն եւ որոնք Քարիթասի հետ միասին, ստորագրահաւաք մը կազմակերպիցն՝ ի սպաս ժամանակակից գաղթականութեան երեւոյթին  հայող նոր օրէնսդրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.