2017-09-27 14:32:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։


Կեանքին Ունեցած Պարտքդ, ամէն մարդ  կը սարսափի պարտքէն:

Ծերունի մը՝ որ իր կեանքի մէկ դժբախտ պատահարին բերմամբ սնանկացած էր, իր արձանագրած խրատին մէջ այնքան նուիրականութեամբ կը շեշտէ, թէ իրեն եղած այս բարիքը պէտք է սերունդէ սերունդ յիշուի իր գերդաստանին մէջ:

Պարտատէրի եւ պարտապանի աստուածաբանական հասկացողութիւնն ալ տրուած է Աստուածորդիին կողմէ, զոր ամէն անգամ «Հայր մեր»ը արտասանած ժամանակ կը յիշենք: Մենք մեր պարտապաններուն՝ մեզի դէմ յանցանք գործած մարդոց ներելով, Աստուած ալ, Իրեն ունեցած մեր «պարտքերը»՝ մեր յանցանքները կը ներէ:

Գործի մէջ ունեցած ձախորդութեամբ պարտքերու տակ թաղուիլը, տարբեր տեսակի պարտապան կը դարձնէ մեզ, քան՝ մեր սխալներու հետեւանքով կուտակուած նիւթական թէ բարոյական պարտքերու տակ մնալը: Գիտակից ու իր պարկեշտութեան նախանձախնդիր մարդը վստահաբար շուտով կ’ուզէ «մարել» իր պարտքերը եւ կը սոսկայ նորերը աւելցնելէ: Այս է պատճառը, որ իր պարտքերուն նկատմամբ բծախնդիր եղող անձը, նաեւ իր պարկեշտութեան նախանձանխնդիր կ’ըլլայ: Սակայն, ինչքան ալ ինքզինք գերազանցէ այսպիսի մարդ մը, դարձեալ պարտք մը ունի վճարելիք: Ամէն մարդ այս աշխարհի վրայ, կեանքին նկատմամբ ունի մեծ պարտք մը, որ Աստուած դրաւ անոր ուսերուն, եւ զոր անպայման պէտք է վճարէ ան՝ աշխատանք:

Աշխատութիւնը մարդուն ճիտին պարտքն է: Այսպէս կը սորվեցնէ մեզի Աստուածաշունչը, որովհետեւ մարդուն դրախտէն վտարման ընթացքի՛ն տրուած Աստուծոյ անէծքով յառաջ եկաւ այս մեծ «պարտքը»: Պարտք մը, որ սակայն մտահոգութիւն ու տագնապ չի ծնիր, այլ դրական իմաստով զբաղում մը, որ միաժամանակ ծուլութեան ախտին յաղթահարումը կ’ապահովէ:

«Երեսիդ քրտինքով պիտի ուտես հացդ»: Ա՛յս եղաւ Աստուծոյ անէծքը (հմմտ Ծն 3.19): Անգործութիւնը չարիք կը ծնի, կ’ըսէ ժողովրդային իմաստութիւնը: Ամբողջութեամբ ճշմարիտ է խօսքը, որովհետեւ անգործութիւնը նաեւ մարդկային մտքի չարացման ուղին կը հարթէ, որ աղբիւրն է ամէն տեսակ թէ՛ չարիքի եւ թէ բարիքի: Աշխատանքը բարիք կը հոսեցնէ մարդկային միտքէն, իսկ անգործ ծուլութիւնը՝ չարիք:

Մարդկային ցեղի պատմութեան ընթացքին մեծ համբաւ ունեցած ու նոյնքան ալ մեծ վաստակ թողած մարդիկ, միշտ հաւատացած են աշխատանքին: Երբեմն նոյնիսկ մեծ հանճարներ, հակառակ իրենց աստուածատուր կարողութեան, դարձեալ աշխատանքը կը գովեն, ու համեստօրէն զանիկա կը ներկայացնեն իբրեւ պատճառ իրենց արձանագրած յաջողութեանց:

Այդպիսի համեստ հանճար մըն է աշխարհահռչակ իտալացի արուեստագէտ Միքէլանճէլոն, որուն համար յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ աշխատանքի անսահման ուժին մէջ: Ան կը պնդէ, որ մարդու մտքին մէջ երեւակայուած որեւէ կերպար, անպայման կարելի է մարմարին վրայ քանդակել, եթէ կորովի ու ճարտար ձեռքը արուեստագէտին, հնազանդի անոր մտքին: Աշխատանքի պահուն, Միքէլանճելօ իր դիմաց կը դնէր սայլի մը մէջ նստած ծերունիի մը պատկերը, որուն հագած գոգնոցին վրայ գրուած էր «ես կ’ուսանիմ տակաւին»:

Դարձեալ համբաւաւոր մեծ երաժիշտներ՝ Մոցարթ, Պէթհովէն ու Սեպասթիէն Պախ, աշխատութեան մէ՛ջ տեսած են մարդուն արժէքը ու յաջողութիւնը: Մոցարթ կ’ըսէ. «Աշխատութիւնը իմ ամէնէն մեծ հաճոյքս է»: Պէթհովէնի նշանաբանը եղած է՝ «Ո՛վ մարդ, օգնէ՛ ինքզինքիդ»: Իսկ Պախ յստակօրէն կ’ըսէ. «Ես աշխատասէր եղայ. ով որ ինծի պէս աշխատասէր է, պէտք է ապահով ըլլայ, թէ կը յաջողի»:

Ամէնքս ունինք աշխատելու այդ պարտքը, այս աշխարհի հողեղէն բնակիչները ըլլալով: Ինչքա՜ն հանգիստ պիտի ըլլայ այն մարդուն խիղճը, որ իր պարտամուրհակները պատռած, ու իր բոլոր պարտքերուն վրայէն գիծ քաշած, կ’անցնի անդենական կեանքը…:

Երանելի՜ է այն մարդը, որ կեանքին հանդէպ ունեցած իր պարտքը՝ իր ստեղծագործ արդար աշխատանքը վճարած, կը մտնէ պատմութեան խորքը…:








All the contents on this site are copyrighted ©.