2017-09-26 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը միջուկային զինաթափման ու միջուկային զէնքի վերացման ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Սեպտեմբերի 26-ը Միջուկային զէնքի վերացման պայքարի միջազգային օրն է. Այս օրուայ գլխաւոր նպատակն է համաշխարհային հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել միջուկային զինաթափման ու միջուկային զէնքի վերացման առաւելութիւններու վրայ ու այս առընչութեամբ հասարակութիւնը իրազեկ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Այս օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ կոչ ուղղեց «առանց միջուկային զէնքի աշխարհ» մը ունենալու յանձնառութեան, հիմնուած մահուան գործիքներ վերացնելու համաձայնագրի վրայ։

«Յանձնառու ըլլանք առանց միջուկային զէնքերու աշխարհի մը համար, գործադրելով զէնքերու տարածման դէմ ու մահուան գործիքները վերացնելու Պայմանագիրը» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.