2017-09-26 10:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Յիսուսին հետ մտերմութիւնը մեզ ազատ կը դարձնէ։


(Ռատիօ Վատիկան)  «Անոնք որոնք Աստուծոյ խօսքը կ՛ունկնդրեն ու զայն կը գործադրեն» այս է Յիսուսին համար  ընտանիքի գաղափարը, մեր ընտանիքներէն անդին աւելի ընդարձակ ընտանիք մը։  Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեքշաբթի՝ 26 սեպտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին ներկայացուցած իր խորհրդածութեան մէջ, որ ներշնչուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն, ուր Տէրը՝ մայր, եղբայրներ եւ ընտանիք կը կոչէ բոլոր անոնք որոնք իր շուրջ հաւաքուած են ու իր խօսքերը կ՛ունկնդրեն։

Այս մէկը մեզի մտածել կու տայ Աստուծոյ եւ Յիսուսի հետ մտերմութեան գաղափարի մասին, որ աշակերտ ու բարեկամ ըլլալէ աւելին է։ Այս կը նշանակէ Յիսուսի տունը մտնել, այնտեղ ապրիլ եւ ըլլալ ազատ։ Որովհետեւ անոնք որոնք Տիրոջ տան մէջ կը բնակին ազատ զաւակներ են. Անոնք որոնք մտերիմ են Յիսուսին՝ ազատ են։ Միւսները, ինչպէս նշուած է Աստուածաշունչին մէջ, «ստրուկի զաւակներ» են, քրիստոնեաներ՝ որոնք չեն համարձակիր մօտենալ ու չեն համարձակիր այդ հարազատութիւնը ունենալ Տիրոջ հետ։

«Մտերմութիւնը Յիսուսի հետ կը նշանակէ անոր հետ մնալ, ունկնդրել Անոր Խօսքը եւ ի գործ դնել զայն, Անոր հետ խօսիլ։ Եւ Խօսքը աղօթք է, այն պարզունակ աղօթքը որ հարազատ էր շատ մը սուրբերու, ինչպէս Սրբուհի Թերեզային՝ որ կ՛ըսէր թէ ինք Տէրը կը գտնէր ամենուրէք, ան մտերմութիւն ունէր Անոր հետ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց. մտերմութիւն կը նշանակէ նաեւ մնալ միշտ Յիսուսի կողքին ու վայելել Անոր ներկայութիւնը, մեր առօրեայի ամէն մէկ արարքին մէջ, խօսիլ Անոր հետ, փոխադրակառքի կամ այլ միջավայրերու մէջ, եւ կամ առ նուազն ընդունիլ որ Տէրը մեզի կը նայի ու մեզի մօտիկ է։ Ահա այս է մտերմութիւնը՝ մօտիկութիւն է ու Յիսուսի ընտանիքին մաս կազմել է - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց հայցել շնորհքը՝ հասկնալու թէ ի՞նչ կը նշանակէ մտերմութիւն ունենալ Տիրոջ հետ։  Թող Տէրը մեզի շնորհէ այս պարգեւը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր քարոզը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.