2017-09-26 09:44:00

Հիւսիսային Քորէա Միացեալ Նահանգները կ՛ամբաստանէ իր դէմ պատերազմ յայտարարելու յանցանքով


Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Ռի Եոնկ-Հօ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ամբաստանեց իր երկրին դէմ պատերազմ յայտարարելու յանցանքով եւ յայտնեց, թէ Փիոնկիանկ իրաւունք ունի ամերիկեան ռմբաձիգները վար առնելու` աւելցնելով, որ այդ իրաւունքը կրնայ կիրարկուիլ նոյնիսկ եթէ ամերիկեան ռմբաձիգները Հիւսիսային Քորէայի օդային տարածքին մէջ չեն:

Եոնկ-Հօ կը հակադարձէր «Թուիթըր»-ի վրայ Թրամփի կատարած այն գրառումին, թէ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարութիւնը «երկար պիտի չգոյատեւէ», եթէ շարունակէ նոյն կեցուածքները արտայայտել:

«Ամբողջ աշխարհը պէտք է յստակ կերպով յիշէ, թէ Ամերիկան առաջին պետութիւնն էր, որ պատերազմ յայտարարեց մեր երկրին դէմ», լրագրողներուն ըսաւ Եոնկ-Հօ Նիւ Եորքէն հեռանալէ առաջ:

Փենթակոնի բանբեր գնդապետ Ռապըրթ Մանինկ հակադարձելով ըսաւ. «Եթէ Հիւսիսային Քորէան չդադրեցնէ իր գրգռիչ քայլերը, գիտէք, մենք Հիւսիսային Քորէային հետ վարուելու միջոցներ պիտի տրամադրենք նախագահին»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տուժարիք զգուշացուց. «Հռետորաբանութիւնը կրնայ մահաբեր սխալ հասկացողութեանց առաջնորդել: Ասոր համար միակ լուծումը քաղաքական է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.