2017-09-25 10:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զուիցերական պահակագունդի հիմնարկի բարերարները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 25 սեպտեմբեր, 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի հիմնարկի բարերարները։   

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնց նիւթական սատարով   Վատիկանի  մէջ բացուեցաւ Զուիցերական պահակագունդին յատկացուած նոր գործարանական կեդրոն մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ  բարձր արժեւորեց  հիմնարկի գործունէութիւնը, նշելով որ  անոր անդամներուն գործունէութիւնը կը դրսեւորէ հասարակաց եւ զօրակցութեան  հոգին, որ յատկանշական է ընկերութեան մը մէջ կաթողիկէներու ներկայութեան եւ որ իր արմատները կը գտնէ Աւետարանական  մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ հրաւէրին մէջ։ Առ այդ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ձեր գործունէութեամբ դուք շօշափելի կերպով կը վկայէք աւետարանական իտէալները եւ Զուիցերական ընկերութեան մէջ օրինակ էք եղբայրութեան եւ բաժնեկցութեան։

Եղբայրներուն  սէր ցուցաբերելու համար  հարկ է զայն քաղել  Աստուածային սիրոյ կրակէն, աղօթի եւ Աստուծոյ խօսքի  ունկնդրութեան միջոցաւ  ինչպէս նաեւ Սուրբ Հաղորդութեամբ սնանելով ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, թէ այդ հոգեւոր յղումներով կարելի է գործել ձրիութեան ու ծառայութեան տրամաբանութեամբ։

Խօսքին աւարտին Նորին Սրբութիւնը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն  Զուիցերացի երիտասարդներուն առիթ ընծայելու Վատիկանի մէջ ծառայութիւն մատուցելու համար որ, նշեց Քահանայապետը, վեհանձն եւ արհեստավարժ  ներկայութիւն մըն է Վատիականի կեանքէն ներս,  ապա Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցեց հիմնարկի անդամներուն ու անոնց հարազատներուն համար որպէս անոնքմիշտ աւելիով վկաները դառնան ՝ հաւատքին եւ բարութեան ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։ 

..








All the contents on this site are copyrighted ©.