2017-09-24 11:52:00

Գերապայծառ Կալլակըր ՄԱԿ-ին մէջ. Յարգել ու պաշտպանել կրօնական փոքրամասնութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 22 սեպտեմբերին, Վատիկանի արտաքին գործերու նախարար Արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչըրտ Կալլակըր, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի 72րդ լիագումար նիստի ընթացքին կոչ ուղղած է ի սպաս կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան որ, ըսած է Ան, կը պահանջէ միջազգային հասարակութեան ուժեղացած ճիգեր, նկատելով, որ դա գերագոյն պատասխանատուութիւններէն մին է։

Պաշտպանել կրօնական փոքրամասնութիւնները պարզապէս անոնց բնաջնջումի կանխարգելումը չէ, ընդգծած է Գերպ. Կալլակըր, հարկաւոր նկատելով, որ միջազգային հասարակութիւնը անմիջականօրէն պէտք է գործի լծուի, մասնաւորապէս ի տես ներկայի հակամարտութիւններուն, ուր պատերազմներ ենթահողը կը պատրաստեն կրօնական փոքրամասնութիւնները թիրախ դարձնելու հալածանքներու, եւ մարդկութեան դէմ գործուած զանազան ոճիրներու։
Գերպ. Կալլակըր նշած է, թէ շատ մը տեղեկատուութիւններ կը հաստատեն, թէ կրօնական փոքրամասնութիւններու վրայ կատարուած յարձակումները տարածուած են ամբողջ աշխարհի վրայ։ Ամենէն աւելի քրիստոնեաներն են զոհ այդ յարձակումներուն։

Նաեւ Եւրոպայի մէջ միշտ աւելի կը տարածուին յարձակումներ զանազան կրօնքներու պատկանող անձանց դէմ։
Կրօնքի եւ խօսքի ազատութիւնը պէտք է կիրակուի ամէն տեղ, ըսած է Գերպ. Կալլակըր որ ապա եօթ կէտերու մէջ ներկայացնելով իր պատգամը յորդորած է, որ պետութիւններ եւ կրօնքներ օգտագործեն միջկրօնական երկխօսութիւններ իբր հակաթոյն ծայրայեղականութեան դէմ եւ  կատարեն հիմնաւորեալ դաստիարակութիւն՝ պայքարելու կրօնական փոքրամասնութիւններու ճնշման դէմ։

Հարկաւոր է յարգել անհատներու հաւասարութիւնը օրէնքի դիմաց, կերտել փոխադարձ անկախութիւն եւ դրական համագործակցութիւն կրօնական համայնքներու եւ պետութիւններու միջեւ - հաստատած է Գերպ. Կալլակըր որ ապա շեշտած է, թէ կրօնապետեր ծանր պատասխանատուութիւնը ունին դատապարտելու կրօնքի չարաշահումը։ Ւ վերջոյ Վատիկանի դիւանագէտը կոչ ուղղած է դադրեցնել դրամի հոսքը եւ զէնքերու վաճառքը բոլոր անոնց, որոնք այդ միջոցները կը գործածեն կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.