2017-09-23 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Խստակրօն Ցիսթերցենզեան Միաբանութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, սեպտեմբեր 23ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Խստակրօն Ցիսթերցենզեան Միաբանութեան անդամներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին միաբանութեան ընդհանրական ժողովի գումարման առիթով։

Սրբազան Հայրը ուշադրութեան յանձնեց միաբաններու կոչումը՝ ըլլալ վկաներ յարատեւ աղօթքի, ժուժկալութեան եւ սիրոյ միութեան։ Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Միաբանութեան նկարագրական այս կէտերուն։

Ան շեշտեց Աստուածաշունչի ընթերցման եւ խոկումի, եւ ներանձնական աղօթքի անհրաժեշտութիւնը վանական կեանքէն ներս։

Ժուժկալութիւնը միշտ եղած է Ցիսթերցենզեան Խստակրօն Միաբանութեան նկարագրական կէտերէն մին, որ նեցուկ է կենդրոնանալու էականին վրայ եւ աւելի դիւրաւ հասնելու հարսանեկան ուրախութեան՝ Քրիստոսի հետ։

«Սիրոյ միութիւնը» կ՛արտայայտէ նաեւ «հոգեւոր ժառանգութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատելով, որ Ընդհանրական Ժողովը պէտք է ըլլայ նշան «սիրոյ միութեան»։

Կարճ ակնարկ մը նետելով Միաբանութեան անցեալին եւ վկայութեան վրայ, Սրբազան Պապը ըսաւ՝ «կը մաղթեմ որ այդպիսի վկայութիւնը ըլլայ աւելի խօսուն՝ Միաբանութեան զանազան ճիւղերու միջեւ  միշտ աւելի գործնական համադրութեամբ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.