2017-09-23 10:05:00

Օքլահոմա քաղաքը նոր երանելի կ՝ունենայ՝ Հայր Ֆրանսիս Ռոզերը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 23 սեպտեմբեր 2017-ին, Միացեալ Նահանգներու Օքլահոմա քաղաքին մէջ երանելի կը հռչակուի, թեմական քահանայ՝ հայր Ֆրանսիս Ռոզերը։  Երանացման արարողութիւնը կը նախագահէ  Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն

Հայր Ֆրանսիս Ռոզերը ծնած էր Ամերիկիոյ մէջ ՝1935-ին։  Քահանայ ձեռնադրուած է 1981-ին,  ապա   Կուաթեմալա  քաղաքին մէջ սպաննուած է   հնդիկ  ժողովուրդի  պաշտպան  կանգնելու  իր յանձնառութեան համար։ 

Սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին արտայայտուելով  Հայր Ֆրանսիս Ռոզերոյի երանացումի մասին յայտնեց, թէ  Անոր երանացման արարողութիւնը  պատամկան  դէպք կը նկատուի ոչ միայն Օքլահոմա քաղաքին համար, այլ Միացաեալ Նահանգներու բովանդակ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար , որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին անգամն է, որ միսիոնար  եւ մարտիրոս քահանայ մը երաներիներու  շարքին կը բարձրանայ։

Անդրառնալով հայր Ռոզերոյի  առաքելական նուաճումներուն մասին ,ծիրանաւորը նշեց թէ, Կուաթեմալայի մէջ  այն ժամանակ կը տիրէր  ընկերային քաղաքական խռովարար ծանր վիճակ ու թէ   Հայր Ռոզերր որպէս Քրիստոսի առաքեալ, կատարեալ կեանք վարեց, սերմանելով խաղաղութեան եւ ժողովուրդին մէջ համերաշխութեան սերմեր ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.