2017-09-23 10:15:00

Կարօ Փայլան. «Ես կ՛ուզեմ կամուրջ ըլլալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ


22 սեպտեմբերին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան հանդիպում ունեցած է լրագրողներուն հետ եւ անդրադարձած  Հայաստանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն: Ան հաստատած է, որ բացի Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին մասնակցելէ, Երեւան եկած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կապերու հաստատման հարցը քննարկելու` նշելով, որ իր ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին խօսած է այդ մասին:

«Թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման ճամբուն վրայ մեծ վնաս է երկու երկիրներու կապերու այս սառած վիճակը, ես կ՛ուզեմ կամուրջ ստեղծել այդ հարցով, կ՛ուզեմ գոնէ քիչ մը բանալ երկխօսութեան դուռը: Գիտեմ, որ դժուար է, բայց ամէնէն մութ ժամանակներուն իսկ քիչ մը բաց պէտք է պահել երկխօսութեան դուռը», յայտնած է ան:

«Ուրախ եմ, որ այս անգամ Հայաստանը տեսայ շատ աւելի ուժեղ եւ ինքնավստահ», դիտել տուած է ան:

Կարօ Փայլան յայտնած է, որ Թուրքիան մինչեւ 2015 թուական գարուն կ՛ապրէր. կը մտածէինք, որ Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ, պայմանները պիտի լաւանան, բայց 2015-էն ի վեր Թուրքիոյ մէջ ազգայնականները դաշինք կազմեցին, եւ ամէն ինչ այսօր վատ է ու տակաւին կը շարունակէ վատթարանալ: Ազգայնականները ուժ ունին, այդ պատճառով ալ ժողովրդավարութեան հաւատացողները լուռ են: Բայց Թուրքիոյ մէջ մեծամասնութիւնը գոհ չէ ազգայնականներուն ընտրած այս ուղիէն: «Գիտէք` ամէնէն մութ ձմրան նոյնիսկ պէտք է գտնենք ճամբայ: Մենք` ժողովրդավարներս, գիտենք, որ դուռը փակ է, իսկ զայն գոնէ քիչ մը բանալու համար պէտք է ջանք թափենք: Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը, դժբախտաբար, անկում կ՛ապրի», յայտնած է ան: Ըստ Փայլանի, այս կացութեան պատճառով կրնայ «երկրաշարժ» յառաջանալ Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս  1915-ին, որովհետեւ այս ուղին արիւնոտ աւարտ ունենալու հաւանականութիւն ունի:

Ան հաստատած է, որ միայն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը. «Գիտէք, իմ տատիկս, որուն հետ մինչեւ տասը տարի նոյն տան մէջ ապրած եմ, մահացաւ` առանց արդարութեան, հայրս, որ կը մտածէր, թէ ե՛րբ արդարութիւն պիտի տիրէ, մահացաւ, այսինքն` երկրորդ սերունդն ալ հեռացաւ. հիմա երրորդ եւ չորրորդ սերունդները կը պայքարին արդարութեան համար, բայց կրնամ հաստատ ըսել, որ միայն ժողովրդավարական Թուրքիան կրնայ ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Ան աւելցուց, որ ներկայիս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ չի թոյլատրուիր «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործել: «Բայց բառը օգտագործելը կարեւոր չէ, որովհետեւ մենք Մեծ եղեռնը ապրեցանք, մենք պէտք է ճամբայ գտնենք, Թուրքիոյ մէջ խօսինք այն մասին, թէ ի՛նչ եղաւ 1915-ին: Եթէ Ցեղասպանութիւնը անպատիժ է, դժբախտաբար, պիտի շարունակուի», աւելցուցած է երեսփոխանը:

Կարօ Փայլան ըսած է, թէ քիւրտերուն պահանջները 100 տարիէ ի վեր, դժբախտաբար, անպատասխան կը մնան: Հայերն ալ 120 տարի առաջ պահանջ ունէին, եւ պատասխանը, դժբախտաբար, անարդարութիւնն էր, եւ մենք Ցեղասպանութիւն ապրեցանք: Ըստ անոր, քիւրտերը կ՛ուզեն, որ Թուրքիան ժողովրդավարական երկիր դառնայ:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ չի՞ վախնար Թուրքիոյ մէջ երկրին իշխանութիւնները քննադատելէ: «Ես կը վախնամ իմ ժողովուրդիս համար, յատկապէս` Թուրքիոյ հայերուն: Մենք փոքրամասնութիւն ենք, կայ շուրջ 60 հազար հայ, որոնց մեծ մասը կ՛ապրի Պոլսոյ մէջ: Եւ նման մթնոլորտի մէջ փոքրամասնութիւնները կը վախնան: Այդ վախի գործօնը միշտ դրուած է սեղանին վրայ: Ես գիտեմ` եթէ լուռ մնաս նոյնիսկ, նման մթնոլորտի մէջ չես կրնար գոյատեւել, փոթորիկը շատ զօրաւոր է: Տակաւին կայ այն, որ քեզի նկատմամբ գրգռութիւններ կ՛ըլլան, երբ ըսես, որ հայ ես, ունիս հայկական եկեղեցիներ, համալսարաններ, դպրոցներ: Բայց կը հաւատամ, որ եթէ իրաւունք ունիս, ուրեմն պէտք է ձայնդ բարձրացնես եւ ըսես: Ես կը փորձեմ ատիկա ընել», եզրափակած է ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.