2017-09-23 09:13:00

22 սեպտեմբերի Սուրբ Զոհի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ աղօթեց կիներու դիտաւորութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) «Բոլոր շահագործուած, նուաստացումի ու չարաշահումի ենթարկուած  կիներուն համար՝ որպէսզի անոնք Եկեղեցւոյ մէջ միշտ գտնեն  հիւրընկալ, անկեղծ ու յարգալիր վայր մը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 22 սեպտեմբերին՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ առաւօտեան  մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին ներկայացուցած դիտաւորութիւններէն  մին։ Նշենք թէ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրած էր ներկայ գտնուող հաւատացեալները առանձնապէս խոկալու օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, ուր Ղուկաս աւետարանիչը (8, 1-3) կը պատմէ թէ ինչպէս 12 աշակերտներն ու մի քանի կիներ կ՛ընկերանային Յիսուսին՝ անոր առաքելութեան ընթացքին։

Այլ երկու աղօթքի դիտաւորութիւններ եւս արտասանուեցան այս ուղղութեամբ որոնց մէջ յիշուեցան կիները՝ «որպէսզի անոնք կարողանան եկեղեցական ու ընկերային միջավայրին մէջ ապրիլ ազատ ու ներդաշնակութեամբ, արտայայտելով իրենց էութեան յատուկ հարստութիւնը» հուսկ «որպէսզի անոնք ժամանակակից մարդկութեան ներկայացնեն Աստուծոյ մայրական ու հիւրընկալ դիմագիծը»։  








All the contents on this site are copyrighted ©.