2017-09-22 11:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Եկեղեցւոյ մէջ մանկապղծութիւնը անհանդուրժելի է։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 21 սեպտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպելով պատանիներու պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբի լիանիստ հաւաքի մասնակիցներուն անգամ մը եւս հաստատեց թէ «Եկեղեցւոյ մէջ մանկապղծութեան դէմ  կայ «զէռօ հանդուրժողականութիւն», նկատել տալով թէ «դժբախտաբար Եկեղեցւոյ մէջ այս հարցը ուշ արծարծուեցաւ ու անոր համապատասխան լուծումները ուշ դիմագրաւուեցան»։

Սրբազան Պապը վստահեցուց ապա թէ ի տես ներկայացուած բազմաթիւ պարագաներուն որոշուած է աւելացնել անձնակազմը  ապա հաստատեց թէ ոչ մէկ պարագային Ինք պատրաստ է ներում շնորհել մանկապղծութեան յանցանքով մեղադրուած կղերականներուն։

Անպատրաստից արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ Քահանայապետական յանձնախումբի անդամներուն ցաւ եւ ամօթխածութիւն արտայայտելով կղերի կողմէ գործադրուած մանկամոլութեան համար, ընդգծելով թէ այդ մէկը ծանր մեղք մըն է ու թէ Եկեղեցին պէտք է առ աւելիով յանձնառու ըլլայ ու աւելի զօրեղ միջոցներ որդեգրէ անոնց դէմ որոնք Աստուծոյ զաւակները կը շահագործեն։ 

Խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մաղթանք յայտնեց որ յանձնախումբը շարունակէ ըլլալ վայր՝ ուր ունկնդրուի զոհերուն եւ վերապրողներուն ձայնը, որովհետեւ, յարեց ան, մենք շատ բաներ ունինք սորվելու անոնցմէ, անոնց քաջութեան ու հաստատակամութեան անձնական պատմութիւններէն, ապա բոլորին վրայ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.