2017-09-22 10:23:00

Անկախութեան տօնին ծնած ԵՌԱԳՈՅՆ-ը ստեղծեց “Հայկաշխարհ”-ը


Անկախութեան օրը ծննդեան օրն է նաեւ ԵՌԱԳՈՅՆ-ին, որ դարձաւ հինգ տարեկան։ Կամաւորական այս կարեւոր աշխատանքը ո՛չ միայն կը շարունակուի, այլեւ կ’ընդարձակուի. Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ հինգ տարեկան ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այսօր կեանքի կոչեց մանկապատանեկան առաջին Արեւմտահայերէն համապարփակ լրատուական եւ տեղեկատուական կայքը՝ տարիքային երկու խումբերու համար, 4-7 եւ 8-էն բարձր։

Յաճախ կը խօսուի համացանցի հայեցի կրթութեան ի սպաս դնելու կարեւորութեան մասին, այսօ՛ր,  մենք խօսքէն անցանք գործի եւ վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ կեանքի կոչած ենք շատ կարեւոր ծրագիր մը, զոր լաւագոյնս իրականացնելու համար անհրաժեշտ է յա՛տկապէս դպրոցներու, համապատասխան տարիքային խումբերու հետ գործ ունեցող կառոյցներու եւ մանկական կայքերու եւ թերթերու ղեկավարներու աջակցութիւնը։

Այս կայքը պէտք է ըլլայ բոլոր հայ երեխաներու եւ պատանիներու աշխարհը, հետեւաբար լիայոյս ենք, որ ձեռք ձեռքի տալով՝ զայն պիտի հարստացնենք տարբեր նիւթերով։

Ծանօթացէք անոր բոլոր բաժիններուն, գրեցէք մեզի ձեր կարծիքներն ու առաջարկները եւ մենք սիրով նկատի կ’առնենք ձեր նկատողութիւնները։ Տարածեցէք կայքը, որ ան հասանելի ըլլայ բոլոր երեխաներուն համար։ Եկէք միասին կառուցենք եւ ընդարձակենք մեր զաւակներուն աշխարհը…








All the contents on this site are copyrighted ©.