2017-09-21 14:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 21 սեպտեմբերի թուիթը՝ կոչ զինաթափման եւ խաղաղութեան ի սպաս


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2017-ին հրապարակած թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կոչ ուղղեց աշխարհի խաղաղութեան եւ զինաթափման ի սպաս,  դիտել տալով որ աշխարհը յոյժ կարիքը ունի ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան։ 

«Կոչ կ՝ուղղեմ խաղաղութեան եւ զինաթափման ի սպաս.  այս պահուս աշխարհը խոցուած է բռնութեամբ, ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան կարիքը ունինք»։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.