2017-09-21 10:18:00

ԱՄՆ քոնկրեսականները ժամանած են Արցախ


Սեպտեմբեր 20-ին Արցախ ժամանած են Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Ֆրանք Փալոն եւ Թուլսի Կեպըրտ` Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեանի, Ամերիկայի հայկական համագումարի (ԱՀՀ) համանախագահ Էնթընի Բարսամեանի եւ «Հայաստան» հիմնադրամի ԱՄՆ կառոյցի տնօրէն Մարիա Միհրանեանի ուղեկցութեամբ:

Քոնկրեսականները առաւօտեան Շուշիի մէջ դիմաւորուցած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կողմէ: Այնուհետեւ հիւրերը այցելած են Շուշիի արհեստագործական ուսումնարան եւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի:

Ազգային Ժողովի նախագահի աշխատասենեակին մէջ տեղի ունեցած առանձնազրոյցէն ետք կայացած է ընդլայնուած կազմով հանդիպում, ուր հիւրերուն միացած է Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Րաֆֆի Համբարեան: Նիստերու մեծ դահլիճին մէջ կազմակերպուած հանդիպման կը մասնակցէին Արցախի օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, հանրային-քաղաքական եւ գիտակրթական ոլորտներու պատասխանատուները:

Ներկայացնելով հիւրերը` ԱԺ նախագահը նշած է, որ  Արցախի եւ Հայաստանի մէջ մշտապէս կը զգան Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի աջակցութիւնը համահայկական նշանակութեան հարցերու մէջ: Խօսելով անցած տարիներու համագործակցութեան մասին` Աշոտ Ղուլեան կարեւոր համարած է 2006-էն ԱՄՆ Քոնկրեսոի մէջ Արցախի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ Արցախի միջազգային ճանաչման հարցով քոնկրեսականներու հետեւողական ջանքերը:

«Պատահական չէ, որ համերիկեան նահանգներէն կու գան Արցախի անկախութեան ու ազատութեան սատարող առաջին ազդակները, որոնք կ՛արտայայտուին նահանգային մակարդակի օրէնսդիր մարմիններու կողմէ ընդունուած բանաձեւերու տեսքով: Նման բանաձեւերը ոչ միայն կը քաջալերեն Արցախի ժողովուրդը իր ազատութեան համար մղուող պայքարին մէջ, այլեւ մէկ անգամ եւս կը փաստեն ԱՄՆ-ի հաւատարմութիւնը ազատութեան բացարձակ գաղափարին»,- ընդգծած է  խորհրդարանի նախագահը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպման համար` Ֆրանք Փալոն անդրադարձած է Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի եւ Արցախի իշխանութիւններու միջեւ համագործակցութեան ձեւաւորուած աւանդոյթներուն եւ գոհունակութիւն յայտնած Արցախի մէջ տարիէ-տարի նկատուող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային առաջընթացի կապակցութեամբ:

Քոնկրէսի մէջ Հայկական հարցերու յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրանք Փալոն շեշտած է, որ իրենց գործունէութիւնը հիմնականօրէն նպատակ ունի ամերիկեան հասարակութեան հասցնելու Արցախի մասին երեք իրողութիւն, որ Արցախը իրաւական երկիր է, որ ան անկախացած է միջազգային իրաւունքի օրէնքներուն համապատասխան եւ ունի արդիւնաւէտ գործող պետական հիմնարկներ:

Քոնկրեսական Թուլսի Կեպըրտ, խօսելով Արցախ կատարած իր առաջին այցի մասին, ընդգծած է, որ որպէս նախկին զինուորական լաւ կը գիտակցի պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներու կողմէ խաղաղութեան ընկալման արժէքը եւ, որպէս իշխանութեան ներկայացուցիչ, յետագային եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ արցախցիներու արդար պահանջին:








All the contents on this site are copyrighted ©.