2017-09-20 14:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Մեքսիքոյի մէջ արձանագրուած երկրաշարժին ի տես


«Ռատիօ Վատիկան» Չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին  վրայ շնորհած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց, Մեքսիքոյի մէջ արձանագրուած ուժգին երկրաշարժին ի  տես, որուն մէջ  ըսաւ. «Երեկ ուժգին երկրաշարժ մը հարուածեց Մեքսիքօ քաղաքը, պատճառելով անթիւ զոհեր եւ նիւթական վնասներ։ Այս տխուր պահերուն, կ՝ուզեմ իմ մօտիկութիւնս յայտնել ու աղօթել  համայն սիրելի Մեքսիքոյի բնակչութեան ։ Կը խնդրեմ, որ աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած  որպէսզի  Ան իր ծոցին մէջ ընդունի  բոլոր անոնց,  որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին եւ սփոփէ վիրաւորները,  անոնց ընտանեկան պարագաներն ու տեղահանները»։   

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Խնդրեց աղօթել նաեւ բոլոր անոնց որոնք օգնութեան կը հասնին  երկրաշարժին թիրախ բնակչութեան, հուսկ՝ կոչին աւարտին, հայցեց Կուատալուփէ Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի իր մայրական քնքշութեամբ մօտիկ կ՝անգնի Մեքսիքոյի սիրելի ազգին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.