2017-09-20 08:22:00

Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի անձնակազմը կ’ունենայ իր աւանդական ընդհանուր հանդիպումը


Դպրոցական նոր տարեշրջանի սեմին եւ վերամուտի նախօրեակին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը ունեցան իրենց աւանդական ընդհանուր հանդիպումը:            

Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց գերյարգելի հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեան: Իր փոխանցած քարոզին մէջ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Եղիայեան ըսաւ, թէ այս շաբաթ կը նշենք Խաչվերացի տօնը, տօնը սուրբ խաչին, որ եղած է խորհրդանիշը յաղթանակի, յարութեան ու բարգաւաճման: Ան նշեց, թէ այս օրերուն, երբ Ս. Խաչ-Հարպոյեանը իր դռները անգամ մը եւս կը բանայ աշակերտութեան դիմաց, մենք բոլորս յանձնառու կ’ըլլանք միասնաբար որեւէ ջանք չխնայելու նոր տարեշրջանը յաջողութեամբ պսակելու համար, եւ կ’աղօթենք տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն ու անոնց ծնողներուն համար, որպէսզի Աստուած բոլորը օրհնէ եւ արդիւնաւորէ բոլորին աշխատանքը:

Կոկիկ հիւրասիրութենէ ետք, հանդիպումը շարունակուեցաւ վարժարանիս ժողովասրահին մէջ: Տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց Ս. Խաչ-Հարպոյեանի ընտանիքին միացած նոր անդամներուն: Ապա, ան մեծ հպարտութեամբ անդրադարձաւ նախորդ տարուան պետական քննութեանց վարժարանիս արձանագրած հարիւր տոկոսանոց յաջողութեան, գնահատեց բոլոր ուսուցիչները եւ պարգեւատրեց անոնք, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր ապահովել այդ պատուաբեր արդիւնքները: Իր խօսքը աւարտելէ առաջ, Տիկ. Պոյաճեան վստահեցուց, որ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ տնօրէնութեան ու անձնակազմի բոլորանուէր աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել ամէն տեսակի մարտահրաւէրները եւ ունենալ յաջող ու հեզասահ տարեշրջան մը:

Այնուհետեւ, «Eduvision»ի ներկայացուցիչը զեկուցեց «Community Service»-ի մասին եւ ուսուցիչներուն հետ վարժողական աշխատանքներ կատարեց այդ թեմայով:

Աւարտին, վարժարանիս բոլոր բաժանմունքներու ուսուցիչները խմբակներու բաժնուելով արծարծեցին իրենց տարեկան ծրագիրը եւ իրագործելի աշխատանքները:

Լրատուական Մարմին

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.