2017-09-20 08:31:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` 19 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 72-րդ նստաշրջանին եւ արտասանեց Հայաստանի պաշտօնական խօսքը, որուն մէջ յատկապէս անդրադարձաւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն եւ ըսաւ.

«Մենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երբեք նախապայման չենք դարձրել Հայաստանի եւ Թուրքիայի երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Աւելի՛ն, հէնց Հայաստանի նախաձեռնած գործընթացի շնորհիւ 2009 թուականի հոկտեմբերին կնքուեցին Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները:

«Այդ փաստաթղթերն առ այսօր չեն վաւերացուել եւ հանգրուանել են պաշտօնական Անգարայի մութ գզրոցներում: Թուրքիայի կառավարութիւնը անհեթեթ նախապայմաններ է առաջ քաշում դրանք վաւերացնելու համար, որոնք բնաւ չեն բխում արձանագրութիւնների տառից եւ ոգուց: Այդ ամէնի հանդէպ հայ ժողովրդի յստակ վերաբերմունքը ես արտայայտեցի երեք տարի առաջ` այս բարձր ամպիոնից:

«Այժմ եկել է լրացուցիչ պարզաբանում տալու ժամանակը: Թուրքիայի ղեկավարութիւնը սխալւում է, եթէ մտածում է, որ ինքը կարող է առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով: Արձանագրութիւնները բանակցուել են ներկայիս պայմաններում` առկայ խնդիրներին լուծում գտնելու համար:

«Դրանց կենսագործման ուղղութեամբ շարունակաբար որեւէ դրական տեղաշարժի բացակայութեան պայմաններում Հայաստանը այդ երկու արձանագրութիւնները յայտարարելու է առ ոչինչ: Մենք 2018 թուականի գարուն ենք մտնելու առանց այդ, ինչպէս, ցաւօք սրտի, փորձը ցոյց տուեց, սին արձանագրութիւնների:

«Հայաստանը, այնուամենայնիւ, շարունակում է համոզուած լինել, որ իւրաքանչիւր երկու հարեւան պետութիւններ պարտաւոր են հիմնել եւ վայելել կանոնաւոր յարաբերութիւններ` իրենց միջեւ հնարաւոր բոլոր տարաձայնութիւնները քննարկելու եւ դրանց լուծումները գտնելու նպատակով», դիտել տուաւ հանրապետութեան նախագահը:

Ան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ արցախեան տագնապին լուծման, ազրպէյճանական ռազմատենչ եւ հայատեաց քաղաքականութեան` վերահաստատելով հայկական կողմին այն մօտեցումը, թէ տագնապի լուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ միջոցով:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն` ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցած են աւելի քան դար մը առաջ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.