2017-09-20 13:51:00

Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց դասի զօրակցութեան կոչը երկրաշարժի զոհերուն ի սպաս


«Ռատիօ Վատիկան» Երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին,  Մեքսիքոյի ժամով՝ կէսօրուան  մէկին, իրար յաջորդ երկու ուժգին երկրաշարժներ հարուածեցին Մեքսիքօ քաղաքը, առաջինը  6.8 ուժգնութեամբ իսկ երկրորդը 7.01։

Առ այժմ երկրաշարժներու  պատճառաւ արձանագրուած են  նուազագոյն 250 զոհ եւ աւերակի վերածուած են Մեքսիքօ մայրաքաղաքի զանազան վայրեր։  Դժբախտաբար մեռեալներու թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ,  հաւանական է որ զոհերու թիւը  բարձրանայ հազարէ աւելի։

Մեքսիքօ քաղաքին ներկայ վիճակը  ողբերգական  կը համարուի,  ուր 21 մանուկներ եւ 4 չափահասներ իրենց կեանքը կորսնցուցած են փլատակ եղած դպրոցի մը մէջ։  Քաղաքին մէջ 40 շէնքեր փլուզուած են եւ շտապ օգնութեան փրկարարները  կը շարունակեն աւերակներու մէջէն մարդիկ փնտռել ։  

Մեքսիքոյի յիշեալ բնական աղէտը  կը նկատուի  նաեւ  որպէս ողբերգական զուգադիպութիւն,  որովհետեւ  երեկ՝  պատահած երկրաշարժը կը զուգադիպի   1985-ին,  միեւնոյն թուականին՝19 Սեպտեմբերին, Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին, որ պատճառած էր  աւելի քան հարիւր հազար զոհ։ 

Այս բնական աղէտին տխուր առիթով, Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը անմիջապէս հրապարակեց  հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ  եպիսկոպոսները իրենց ցաւն ու կսկիծը յայտնեցին երկրաշարժի զոհերուն համար, ապա կոչ ուղղեցին Աստուծոյ համայն ժողովուրդին, միանալու իրենց եղբայրներուն զօրակցութեան աշխատանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.